Սլովաքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եան Քոզաք պաշտօնանկ եղաւ, յայտնեց երկրին ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Սլովաքիա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Չեխիայէն, յաջորդ հանգրուան հասնելու իր յոյսերը ամբողջութեամբ կորսնցուց:
64 տարեկան մասնագէտը 2013-էն ի վեր Սլովաքիոյ խումբին մարզիչն էր:



