Արսենալի նախկին մարզիչ Արսէն Վենկեր շնորհաւորեց Մոնաքոյի նոր մարզիչին` Թիերի Հանրիին, իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
«Հանրին շատ լաւ ընտրութիւն մըն է Մոնաքոյին համար: Ան արժանի է այս վստահութեան համար: Ան շատ խելացի է եւ հիանալի ձեւով կը հասկնայ ֆութպոլը: Ան պէտք է, շատ լաւ աշխատի` հասնելու համար յաջողութիւններու», ըսաւ Վենկեր:
Հանրի անցեալին իրեն մարզիչ ունեցած է Վենկերը, երբ անոնք մաս կը կազմէին Արսենալին:



