Պըրժ ֆութպոլի ակումբին պատասխանատուներէն` Ֆայեզ Ռահհալ յայտարարեց, որ ան իր հրաժարականը կը ներկայացնէ եւ կը դադրի յանձնախումբի անդամ ըլլալէ:
Ան ըսաւ, թէ ասիկա տեղի կ՛ունենայ անձնական պատճառներով, որովհետեւ ինք ոչ մէկ հարց ունի ակումբին հետ, մանաւանդ որ երկար տարիներ աշխատած է ի խնդիր ակումբին շահերուն:
Ան յաջողութիւն յայտնեց ակումբին` յոյս յայտնելով, որ անիկա շուտով կը բարձրանայ Ա. դասակարգ:



