Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի հաւաքին մասնակցած Փիւնիկ Երեւանի յետսապահ Արթուր Քարտաշեան միացաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին` մեկնելու համար Սերպիա:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը երեքշաբթի, 16 հոկտեմբերին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Սերպիոյ դէմ:



