Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի վաղը` կիրակի, 14 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ իրաւարարներու յատուկ ակադեմիային բացման մասին, որ պիտի սկսի գործել Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ:



