Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) շարունակուող պատանեկան ողիմպիականի ամառնային խաղերուն, Հայաստանի առաջին մետալին տիրացաւ ծանրաբարձ Կարէն Մարգարեան, որ հանդիսացաւ ախոյեան:
77 քկ դասակարգին մէջ, երկամարտի մրցումներուն, Եւրոպայի պատանիներու կրկնակի ախոյեան Մարգարեան արձանագրեց 309 քկ արդիւնք մը (141+168): Երկրորդ հանդիսացողը հայրենի ըմբիշէն ետ մնաց միայն մէկ քիլոկրամով:
Յայտնենք, որ ծանրաբարձութեան մրցումներուն Հայաստան ունի այլ ներկայացուցիչ մըն ալ` Լիանա Գիւրջեան (63 քկ):



