Երէկ գիշեր Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը հիւրընկալեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գերբաժակի 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքի ՀՄԸՄ – Ռիատի մրցումը` բազմաթիւ համակիրներու ներկայութեան, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը:
Նախքան մրցումին ազդանշանին տրուիլը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի ներկաներէն խնդրեց, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն յիշատակը Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՊԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Փաթրիք Պաումանի, որ երէկ մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, անոր ներկայ գտնուեցան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահներ Ուալիտ Նասսար, Ժորժ Պարաքեթ, ինչպէս նաեւ այլ հրաւիրեալներ:
Պէտք է ըսել, որ տիտղոսակիր ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով մրցումին Ա. կիսախաղը աւարտեց` 13 կէտի առաւելութեամբ (43-30):
Սակայն զարմանալիօրէն, Բ. կիսախաղին ամէն բան շրջուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ իր ունեցած կէտերու տարբերութիւնը չկրցաւ պահել` նկատի ունենալով, որ Ռիատի երրորդ քորթըրին նշանակեց 27 կէտ` 16-ի փոխարէն, իսկ վերջինին 20, 13-ի փոխարէն:
Կէտերու պատկերին այս շրջումը պատճառ դարձաւ, որ Ռիատի ինք ըլլայ յաղթականը եւ տիտղոսակիրը` արձանագրելով 87-72 արդիւնքով յաղթանակ մը (17-22, 13-21, 27-16 եւ 30-13):
ՀՄԸՄ միայն աւելի լաւ եղաւ սթիլի (11` փոխան 1-ի) եւ թըրն-օվըրի (8` փոխան 18-ի) առումով. մինչ մնացեալներուն Ռիատի ինք տիրապետեց. թրի փոյնթց. 29-էն 12` Ռիատիի, 20-էն 5` ՀՄԸՄ, ռիպաունտծ. Ռիատի` 46, ՀՄԸՄ` 35, էսիսթ. Ռիատի` 19, ՀՄԸՄ` 11:
Այս բոլորը կը նկատուին բաւական կարեւոր կէտեր, որոնք անմիջապէս պէտք է սրբագրուին` նկատի ունենալով, որ տարեշրջանը բաւական երկար է եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիչը` Ճօ Մուժահես, կրնայ խումբը դնել ճիշդ ճամբուն վրայ:
Մրցումին լաւագոյն կէտ նշանակողը եղաւ Ռիատիէն Մարք Լայընզ (29 կէտ, ներառեալ` 6 թրի փոյնթ), մինչ ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակողը եղաւ Ուոլթըր Հոճ (22 կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նուժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Փոլ Սքայեմ:
Մրցումին աւարտին, ֆետերասիոնի նախագահ Հալապի կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը եւ տիտղոսը յանձնեց Ռիատիի խմբապետ` Ժան Ապտել Նուրի:
Լուսանկարները տրամադրեց`
PROFOTO