Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանան, որ հիւրը եղաւ Քուէյթի, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Աւելի քան 600 հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ֆայսալ Զայետ 80-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Ֆութպոլի բարեկամական մրցումները ընդհանրապէս առիթ մըն են մարզիչներուն համար` փորձելու իրենց նորեկները:
Սակայն այս պարտութիւնը եկաւ կասեցնելու մայրիներու կազմին յառաջխաղացքը: Անիկա վերջին 16 մրցումներուն երբեք պարտութիւն չէր կրած:
Երկու կազմերուն միջեւ ցարդ տեղի ունեցած 33 մրցումներուն, Քուէյթ արձանագրած է 16 յաղթանակ, Լիբանան` 7, մինչ 10 մրցում վերջ գտած է հաւասարութեամբ: