Մարզական

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն.  Կազմակերպիչ Ակումբը` Պէյրութ Պատուեց Հիւր Խումբերուն Պատուիրակութիւնները

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն. Կազմակերպիչ Ակումբը` Պէյրութ Պատուեց Հիւր Խումբերուն Պատուիրակութիւնները

Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ Լիբանանի մէջ Արաբական ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն պատուիրակութիւնները պատուեց յատուկ ընթրիքով մը: Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ, այս մարզին մէջ գործող տարբեր պատասխանատուներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Նետիմ Հաքիմ, յատուկ յուշանուէրներով պատուեց իւրաքանչիւր ակումբի պատուիրակութեան նախագահը կամ ներկայացուցիչը` յոյս յայտնելով, որ անոնք Լիբանան իրենց կեցութեան ընթացքին վայելեցին երկիրը եւ այս ախոյեանութիւնը: Իր կարգին...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն.  Իթթիհատ Իսքանտարի Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (74-70)

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն. Իթթիհատ Իսքանտարի Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (74-70)

Երէկ գիշեր իր աւարտին հասաւ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Արաբական պասքեթպոլի տղոց 31-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը մրցաշարքը հիւրընկալող կազմին` Պէյրութի եւ եգիպտական Իթթիհատ Իսքանտարիի միջեւ: Մրցումին յաղթականը եւ մրցաշարքին տիտղոսակիրը (5-րդ անգամ ըլլալով) եղաւ Իթթիհատ` արձանագրելով 74-70 արդիւնքով յաղթանակ մը (12-24, 13-16, 16-13 եւ 29-21): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց եգիպտական կազմէն Ռամոն Կալոուէյ (23), մինչ...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Գերբաժակի Մրցաշարք. Յատուկ Դասաւորումներ` ՀՄԸՄ – Ռիատի Մրցումին Վերաբերեալ

Կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին ՀՄԸՄ - Ռիատի մրցումը: Այս ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 21:30-ին: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այս մրցումին գծով կատարեց յատուկ կարգադրութիւններ: Նախ եւ առաջ, իւրաքանչիւր ակումբի տրամադրուած պիտի ըլլան միայն 1500...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն. Այսօր` Պէյրութ – Իթթիհատ Իսքանտարի Աւարտական Մրցումը

Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու 31-րդ ախոյեանութիւնը այսօր վերջ կը գտնէ, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցումը` մրցաշարքը հիւրընկալող Պէյրութի եւ եգիպտական Իթթիհատ Իսքանտարիի միջեւ: Երէկ տեղի ունեցած կիսաւարտականի առաջին մրցումին չորս անգամ այս տիտղոսին տիրացած Իսքանտարի բաւական մեծ արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ափրիկէի ախոյեան, մարոքեան Ժամհիեթ Սալան` 85-58 արդիւնքով: Մրցումին եւ Իթթիհատի ամէնէն շատ կէտը...

«ԿԻՆԵՍ» Գիրքին Մէջ Նեպիլ Քարամի Նոր Մրցանիշը

Լիբանանի ռելիներու նախկին ախոյեան Նեպիլ Քարամ, որ գրեթէ իւրաքանչիւր տարի կը հաստատէ նոր մրցանիշներ, եւ անոր լուսանկարները կը զետեղուին «ԿԻՆԵՍ»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ, հաստատած է նոր մրցանիշ մը` հաւաքելով ամէնէն շատ դրոշմաթուղթերը, որոնց վրայ զետեղուած են աշխարհի չորս ծագերէն տարբեր ինքնաշարժներու լուսանկարներ: Այս նոր մրցանիշին պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 1 նոյեմբերին, անոր գործարանին մէջ (Զուք Մոսպեհի շրջան)` ներկայութեամբ...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Կը Կազմակերպէ «Ողիմպիականի Օր 2018»-ն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, կիրակի, 14 հոկտեմբերին, կեդրոնական Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ողիմպիականի օր 2018»-ի 3 քմ վազքի մրցումը: Նշուեցաւ, որ մասնակցողները, իրենց ինքնաշարժները կրնան կանգնեցնել նախկին «Պիել»-ի ճիշդ ետին: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, մասնակցողները պիտի հասնին մրցումին կայացման շրջանը, ժամը 8:55-ին պիտի հնչեն Լիբանանի եւ ողիմպիական քայլերգները, որմէ ետք պիտի բարձրանան երկու դրօշակները: Առաւօտեան ժամը ճիշդ 9:00-ին,...

Պասքեթպոլ. Մթայլեպ Տիրացաւ Քաղաքապետութիւններու Տղոց Մրցաշարքին Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, հովանաւորութեամբ Պսալիմի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, իր աւարտին հասաւ քաղաքապետութիւններու տղոց խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցաշարքը: Աւարտականին Մթայլեպ, 55-47 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մրուժի, տիրացաւ տիտղոսին: Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան Պսալիմի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, Մրուժի քաղաքապետ Էլի Տաղեր, Մթայլեպի քաղաքապետ Փոլ Շըտիտ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանի եւ Շարպել Ռըզք, մարզական լրագրողներ եւ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Ազգերու Լիկա». Հայաստան – Ճիպրալթար Մրցումին Իրաւարարները` Զուիցերիայէն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ շաբաթ, 13 հոկտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Հայաստան - Ճիպրալթար «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Զուիցերիայէն: Կեդրոնի իրաւարարն է Ֆիթայի Սան, անոր օգնականները (կողմի)` Սլատան Եոսիփովիչ եւ Մարքօ Ցուրխեր, չորրորդ իրաւարարը` Պեքի Չոկալ, իսկ բերդերուն ետին գտնուող իրաւարարները` Ալեն Պիերի եւ Լուքաս...

Արթուր Աբրահամ Ճատրակ Խաղաց Մակնիւս Քարլսընի Հետ

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ ճատրակ խաղացած է աշխարհի այժմու ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի հետ, յայտնեց ճատրակի «կրանտ-մասթըր»-ը: «Օրս սկսայ Մանչեսթըրէն, ուր ճատրակ խաղացի ֆութպոլիստ Թրենթ Ալեքսանտր Առնոլտի հետ: Ապա օրս աւարտեցի Համպուրկի մէջ` ճատրակի այլ մրցում մը կատարելով կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի հետ», ըսաւ նորվեկիացին:

Ճոն Թերի` Ասթոն Վիլայի Նոր Մարզիչի Օգնական

Անգլիական Ասթոն Վիլա ակումբին կողմէ յայտարարուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Տին Սմիթ, իսկ անոր օգնական նշանակուեցաւ 37 տարեկան Ճոն Թերի, որ քանի մը օրեր առաջ յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Նախորդ տարեշրջանին, Թերի մաս կազմեց նոյնինքն Ասթոն Վիլային` կատարելով 36 մրցում եւ նշանակելով կոլ մը: Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը,...

Մոնաքօ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Մոնաքօ պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ իր պաշտօնէն հեռացուցած է ակումբին փորթուգալցի մարզիչը` Լէոնարտօ Ժարտիմը: 44 տարեկան մարզիչի պաշտօնազրկման պատճառը բնականաբար խումբին անյաջող մեկնարկն էր` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Իշխանապետական կազմը 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 6 կէտով միայն կը գտնուի 18-րդ եւ նախավերջին դիրքին վրայ: Ան 2014-էն ի վեր Մոնաքոյի մարզիչն է: Ըստ ֆրանսական մամուլին, շատ հաւանական է, որ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Հետաքրքրուած` Պարսելոնայի Յետսապահով

«Ֆութպոլ-Էսփանա» կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ շատ մօտէն հետաքրքրուած է Պարսելոնայի ձախ յետսապահ Եորտի Ալպայով: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, անգլիական ակումբը ճիգ պիտի չխնայէ ձեռք ձգելու համար 29 տարեկան յետսապահը, եթէ քաթալոնական ակումբը մտադիր չըլլայ երկարաձգել Ալպայի ստորագրութիւնը: «Լա լիկա»-ի ընթացիկ տարեշրջանին, Ալպա մասնակցած է 11 մրցումի` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով 5 էսիսթ:

Քլինսման Լաւ Խումբի Մը Մարզիչը Կ՛ուզէ Դառնալ

Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ, գերմանացի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Եորկըն Քլինսման, որ այժմ անգործ է, կ՛ուզէ դարձեալ վերադառնալ եւ ստանձնել լաւ խումբի մը մարզիչի պաշտօնը: Ան կը յայտնէ, որ թէեւ 2018-ի մոնտիալէն առաջ շարք մը ակումբներէ առաջարկներ ստացաւ, բայց ուզեց սպասել անոր աւարտին: Սակայն այժմ դարձեալ կը սերտէ իրեն ներկայացած առաջարկները: 2006-ի մոնտիալին Քլինսման, որ Գերմանիոյ...

Ումթիթի Պիտի Բացակայի «Քլասիքօ»-էն

«Սփորթ-Էս.» կայքը կը տեղեկացնէ, որ Պարսելոնայի ֆրանսացի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել «Լա լիկա»-ի առաջին «Քլասիքօ»-ին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 հոկտեմբերին: 24 տարեկան ֆրանսացիին ստացած ծունկի վնասուածքը արգելք պիտի հանդիսանայ անոր, որ ան մասնակցի Ռէալ Մատրիտի դէմ կատարուելիք այս մրցումին: Կը կարծուի, որ ան ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ նոյեմբերի սկզբնաւորութեան:

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի 28-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Հրապարակուեցաւ Մրցումներուն Յայտագիրը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքին կազմակերպիչ յանձնախումբը հրապարակեց անոր յայտագիրը` կատարելէ ետք վիճակաձգութիւնը: Անոր մասնակցող ութ խումբերը բաժնուեցան երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբի, հետեւեալ ձեւով. Ա. ԽՄԲԱԿ Ռիատի (Լիբանան), Ահլի Պընղազի (Լիպիա), Ժամհիեթ Սալա եւ Իթթիհատ Մանսթիրի (Թունուզ): Բ. ԽՄԲԱԿ ՀՄԸՄ (Լիբանան), Մուժամաա Փեթրոլի (Ալճերիա), Ռատեսի (Թունուզ) եւ Ահլի (Եգիպտոս): Մրցաշարքին բացման...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները. Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ-ի Մրցակիցը` Պէյրութ

Սալա - Իթթիհատ Իսքանտարի Կիսաւարտականի 2-րդ Ճակատում Օրուան մը դադարէ ետք, այսօր` հինգշաբթի, Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենան Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան կիսաւարտականի ճակատումները: Յետմիջօրէի ժամը 15:45-ին տեղի կ՛ունենայ առաջին ճակատումը, երբ նախորդ տարուան փոխախոյեան մարոքեան Սալա խումբը (աւարտականին պարտուած` ՀՄԸՄ-էն), կը մրցի եգիպտական Իթթիհատ Իսքանտարիի դէմ: Հակառակ անոր որ Սալա ափրիկեան երկիրներու ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած է, սակայն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շաբաթ Օր` ՀՄԸՄ – Մապարրա Բաժակի Մրցումը

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, շաբաթասկիզբին իր գումարած ժողովին վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները եւ տուաւ կարգ մը որոշումներ, ինչպէս նաեւ սահմանեց տուգանքներ: Նըժմէ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը ստացաւ, մինչ Ռասինկ, Թատամոն Սուր, Ահտ, Պեքաա Ռիատի եւ Ախա Ահլի Ալէյ` 500 հազարական լիբանանեան ոսկիի: Ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Քուէյթ – Լիբանան

Պատրաստուելու համար յառաջիկայ տարի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ կատարուելիք Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին, ժամը 19:00-ին, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, հիւրը պիտի ըլլայ Քուէյթի: Լիբանանի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ յաջողեցաւ պատրաստել զօրաւոր կազմ մը, որ բաւական լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին: Լիբանանի կազմը իր այս մրցումը կատարելէն ետք պիտի մեկնի Աւստրալիա, ուր...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Նիւթական Պարգեւատրումներ Կատարեց Ճաքարթա – 2018-ին Մետալներու Տիրացած Մարզիկներուն

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, Հազմիէի իր կեդրոնատեղիին մէջ նիւթական պարգեւներ յանձնեց այն մարզիկներուն, որոնք տարբեր գոյնի մետալներու տիրացած էին այս տարի Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցած Ասիական 18-րդ խաղերուն: Նիւթական յատուկ պարգեւներ ստացողները եղան հետեւեալները. Ռէյ Պասիլ - Ալեն Մուսա (խմբային ոսկի մետալ, նշանառութիւն) 7 միլիոն հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի` իւրաքանչիւրին: Ռէյ Պասիլ (պրոնզ մետալ, անհատական նշանառութիւն)...

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղեր-2018. Արթուր Բարսեղեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Պուէնոս Այրեսի մէջ շարունակուող 2018-ի պատանեկան ամառնային ողիմպիականի խաղերուն ծիրին մէջ, լողարշաւի մրցումներուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Արթուր Բարսեղեան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: 50 մեթր ազատ լողի մրցումներուն, ան 23" 17 արդիւնք մը արձանագրեց զտումի մրցումներուն, իսկ կիսաւարտականին 22" 69 արդիւնքով մը գրաւեց չորրորդ դիրքը եւ հասաւ աւարտականին: Այս խաղերը կը շարունակուին, եւ հայրենի մարզիկները տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մէջ պիտի շարունակեն...

Page 782 of 1278 1 … 781 782 783 … 1,278

Արխիւներ