Այսօր Բացման Հանդիսութիւնը, Ապա` Ռիատի – Իթթիհատ Մանսթիրի
Այսօր` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին, ազդանշանը կը տրուի Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային 28-րդ մրցաշարքին, երբ տեղի կ՛ունենայ բացման հանդիսութիւնը, որմէ ետք երեկոյեան ժամը 20:30-ին պիտի կատարուի Ռիատի Պէյրութ – Իթթիհատ Մանսթիրի (Թունուզ) մրցումը:
Բացման մրցումը պիտի սկսի մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յարգանս ՖԻՊԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Փաթրիք Պաումանի, որ երէկ մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ մրցաշարքը պիտի կայանայ, մասնակցութեամբ եօթը խումբերու` նկատի ունենալով, որ Ահլի Պընղազի (Լիպիա) քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ բացման հանդիսութեան օրը կազմակերպիչները պիտի պարգեւատրեն Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանը` պասքեթպոլի մարզին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:
ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումը կը կատարէ վաղը` երեքշաբթի, 16 հոկտեմբերին, երբ կը ճակատի Մուժամաա Փեթրոլիի դէմ (Ալճերիա):
Կիրակի, 21 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան կիսաւարտականի մրցումները, իսկ երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին` աւարտականի մրցումը: