«Էն. Պի. Էյ.». Նակեթց Արձանագրեց Իր Յաջորդական Չորրորդ Յաղթանակը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Տենվըր Նակեթց, որ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, արձանագրեց իր յաջորդական չորրորդ յաղթանակը` 126-112 արդիւնքով: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Տիթրոյիթ Փիսթընզ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն, 133-132 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, երկարաձգումէն ետք: Պլէյք Կրիֆին Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 50 կէտ: Ցարդ երեք մրցում կատարած...


