Երեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին իր աւարտին կը հասնի դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքայի պասքեթպոլի մրցաշարքը` աւարտականի մրցումով:
Մրցումին վայրը եւ աւարտականին հասնող խումբերուն անունները ցարդ յստակ չեն` նկատի ունենալով, որ տակաւին կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին (երկուքն ալ այսօր), ժամը 18:00-ին, «Սոսիեթէ Ժեներալ» կը մրցի «Իհթիմատ Լուպնանի»-ի դէմ (ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոն, Նաքքաշ), իսկ ժամը 21:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ «Ֆրանսապանք» – «Պլոմ պանք» (նախորդ տարուան տիտղոսակիր) մրցումը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան կողմէ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: