Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստան երեք տարիքային խումբերու մէջ տիրացաւ երեք մետալի:
Աղջկանց 23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Իզապելլա Եայլեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, երբ 63 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 204 քկ (94+110) արդիւնք մը:
Իսկ տղոց 20 տարեկանէն վար 69 քկ դասակարգին մէջ Արմէն Գրիգորեան Հայաստանին ապահովեց արծաթ մետալ մը` արձանագրելով 301 քկ (136+165) արդիւնք մը:
Վերջապէս, արծաթ մետալի տիրացաւ նաեւ Ռաֆիկ Յարութիւնեան` (77 քկ) արձանագրելով 326 քկ արդիւնք մը (146+180):



