Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Մարսելօ հերքեց շրջան ընող այն լուրերը, ըստ որոնց, ինք երջանիկ չէ եւ կ՛ուզէ հեռանալ իր ակումբէն:
«Տարբեր ակումբներէ որեւէ առաջարկ չէ ներկայացած ինծի: Դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել ոեւէ ֆութպոլիստ, որ այսքան շատ նուիրուած է իր ակումբին, որքան ես», անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Ֆութպոլ-Էսփանիա»:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Մարսելոյով մօտէն հետաքրքրուած է Եուվենթուս:



