Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած մարաթոնեան վազքը աւարտեցաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն յաղթանակով:
Այս միջազգային մարաթոնին մասնակցեցան 40 երկիրներէ 2800 վազողներ, մեծամասնութիւնը` արհեստավարժ մարզիկներ: Անոնց կարգին էին նաեւ Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամները:
42.2 քմ-ի այս մարաթոնին տղոց տիտղոսակիրը դարձաւ ռուս Վիքթոր Խախուտսքի (2 ժամ 56′ 47″), իսկ աղջկանց տիտղոսակիրը` ռուսահայ Քրիսթինէ Վարդանեան (3 ժամ 38′ 51″): Անոնք ստացան 375 հազարական դրամ:
Տեղի ունեցան նաեւ 21, 11,5 եւ 5 քմ-ի վազքի մրցումներ:
Նշենք, որ ժամանման գիծ հասնող բոլոր մարզիկներն ալ խթանիչ դեղերու գործածութեան ստուգման քննութիւններու ենթարկուեցան: