Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին եւ ներկայութեամբ բազմաթիւ հիւրերու, «Էյ. Էն. ՊՈՒԽԱԹԵՐ» ընկերութիւնը տօնեց իր հիմնադրութեան 91-րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ, «Մազտա Մոթոր Քորփորէյշըն»-ի հետ իր գործակցութեան 50-ամեակը:
Այս առիթով ընկերութիւնը ներկայացուց Մազտա-6 2019-ի իր նոր արտադրութիւնը, որ բաւական նոր յատկանիշներով օժտուած է:
Յայտարարուեցաւ, որ «Էյ. Էն. ՊՈՒԽԱԹԵՐ» մօտիկ ապագային աւելիով մուտք պիտի գործէ լիբանանեան մարզական աշխարհ` կազմակերպելով տարբեր տեսակի մրցաշարքեր` ըլլայ ինքնաշարժներու եւ ըլլայ մոթորսիքլէթի, ինչպէս նաեւ հովանաւորելով տարբեր տեսակի մրցաշարքեր:
Նշենք, որ Մազտա ընկերութեան դեսպանը Ռէյ Պասիլ, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ ողիմպիականի նշանառութեան խաղերուն, ներկայ ըլլալով այս հանդիսութեան, գովասանքով արտայայտուեցաւ նաեւ ՊՈՒԽԱԹԵՐ ընկերութեան մասին, որ տարուէ տարի աւելիով կը զօրակցի տարբեր տեսակի մրցաշարքերու:
Այս հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ փոքրիկներ, որոնք իրենց ներկայացումներով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում եւ կարկանդակի հատում:



