Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած թենիսմէն Կարէն Խաչանով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք թենիսի ցուցադրական մրցումի մը: Այս մասին տեղեկացուց «Մուպատալա թենիս» կայքը:
Այս աւանդական մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 27-29 դեկտեմբերին:
Վերոնշեալ կայքը պաշտօնապէս հրապարակեց 22 տարեկան Խաչանովի մասնակցութեան լուրը` աւելցնելով, որ անոր պիտի մասնակցին նաեւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի տիտղոսակիր` Նովաք Ճոքովիչ, ինչպէս նաեւ Ուիմպըլտընի աւարտականին հասած Քեւին Անտերսոն:



