Մարզական

Գեղասահք. Սլաւիկ Հայրապետեան Պրոնզէ Մետալակիր` Մինսքի Մէջ

Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցած գեղասահքի «Մինսք Արենա Այս Սթար»-ի միջազգային մրցաշարքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Հայրապետեան մենասահքի մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Կարճ ծրագրին մէջ ան հանդիսացաւ 6-րդ, իսկ ազատ ծրագրին մէջ` երրորդ: Աղջկանց մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Անասթասիա Գալուստեան հանդիսացաւ չորրորդ (կարճ ծրագիր` 5-րդ, ազատ ծրագիր` չորրորդ):  

Պուտափեշթ – 2018 Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութիւն Հայաստանի Առաջին Ներկայացուցիչը Սկսաւ Պարտութեամբ

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ, շաբաթ, 20 հոկտեմբերին սկսած աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան առաջին օրը Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը անյաջող սկսաւ ընթացքը: Վարդան Մարգարեան ազատ ոճի ըմբշամարտի 74 քկ դասակարգին մէջ պայքարը սկսաւ 1-16-րդ հանգրուանէն, ուր 10-4 արդիւնքով պարտուելով, լքեց պայքարը: Եթէ անոր մրցակիցը` Ազամաթ Նուրիքով (Պիելոռուսիա) հասնէր աւարտականին, Մարգարեան առիթ կ՛ունենար պրոնզէ մետալին համար պայքարելու, բայց Նուրիքով, քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ  

Ճատրակ. «Կոա»-ի Միջազգային Մրցաշարք. Լեւոն Բաբուջեանի Եւ Սամուէլ Տէր Սահակեանի Յաջողութիւնը

Հնդկաստանի Կոա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Կոա»-ի 2018-ի միջազգային կրանտմասթըրներու բաց մրցաշարքին Հայաստանի ներկայացուցիչներ Լեւոն Բաբուջեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան բաժնեկցեցան երկրորդ դիրքը` կէս կէտով ետ մնալով տիտղոսակիր Փույա Իտանիէն (Հնդկաստան): Հայրենի կրանտմասթըրները ապահովելով 8-ական կէտ բաժնեկցեցան 2-6-րդ դիրքերը, Բաբուջեան, լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ Սամուէլ Տէր Սահակեան` չորրորդ: 150 մասնակցողներուն մէջ եղաւ նաեւ Հայաստանի երրորդ ներկայացուցիչը, միջազգային...

Ֆորմիւլա-1. Քիմի Ռայքոնըն Յաղթական` Միացեալ Նահանգներու Մէջ

 Հեմիլթըն` Սպասողական Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրի-ն աւարտեցաւ Ֆեռարիի ֆինլանտացի վարորդ Քիմի Ռայքոնընի յաղթանակով: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռետ Պուլի ներկայացուցիչը` հոլանտացի Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց վարորդներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն: Եթէ պատահէր, որ Հեմիլթըն ինք ըլլար առաջին հանդիսացողը, ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ պիտի...

«Էն. Պի. Էյ.» Գործող Ախոյեան Ուորիըրզի Առաջին Պարտութիւնը

Սթեֆըն Քարի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ Տենվըրի մէջ հիւրը եղաւ Նակեթցի, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, յաջորդական երկու յաղթանակէ ետք` 100-98 արդիւնքով: Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 30 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Քլիվլենտ Քաւալիրզ - Աթլանթա Հոքս 111-133 Օքլահոմա Սիթի - Սաքրամենթօ Քինկզ 120-131 Տենվըր Նակեթց - Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 100-98...

Պունտըսլիկա. Ախոյեան Պայէրն Միւնիխ Ընդհատեց Առանց Յաղթանակներու Իր Շարքը. Տորթմունտ` Առաջին

Լուքա Եովիչ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը, երբ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Շթութկարթին` վերջինին դաշտին վրայ: Անիկա այժմ ունի 20 կէտ: Ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ընդհատեց առանց յաղթանակներու իր շարքը, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վոլֆսպուրկի դաշտէն: Խումբը վերջին չորս մրցումներուն յաղթանակ չէր արձանագրած: Ռոպերթ Լեվանտովսքի (30-րդ...

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Քաշուեցաւ Մրցումէն` Բողոքելով Իր Ուղղութեամբ Նետուած Շիշին Եւ… Հայհոյանքներուն Դէմ

Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ թունուզեան Նաժըմ Ռատեսիի միջեւ: Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, որ ընթացաւ բաւական հետաքրքրական ձեւով, Ռատեսի յաղթանակ արձանագրեց մարոքեան Ժամհիեթ Սալայի դէմ` 68-63 արդիւնքով (11-14, 14-21, 25-14 եւ 19-14): Պէտք է ըսել, որ երկու կազմերն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ- Ահլի Սայտա` 2-5

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, որ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ահլի Սայտան: 5-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեց Սեմի Պիայէ (71-րդ եւ 83-րդ` փենալթիով): Իսկ Ահլի Սայտայի կոլերը նշանակեցին Եհիա Մասրի (30-րդ), Սեմիր Ապու Ռըզք (35-րդ), Ուտումա (44-րդ` փենալթիով), Սելիմ Համատա (62-րդ) եւ Խալետ Ըպրիք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Շանվիլ Յաղթական

Այսօր` Աթլաս-Պէյրութ Շաբաթ, 20 հոկտեմբերին ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա.  դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես-Հուփս բացման մրցումը: Սաժես-Հուփս մրցումէնPROFOTO Սաժես 101-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (23-15, 25-23, 26-24 եւ 27-23): Սաժեսի մարզիկները յաջողեցան նշանակել 15 թրի փոյնթ (35 փորձերէ ետք): Յաղթական կազմին ամէնէն աւելի կէտը նշանակեց Հաքիմ Ճոնսըն (23), մինչ Հուփսէն Մալեք Տիքսըն...

Հայկական Ֆութպոլ. Ռոպերթ Արզումանեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումէն ետք այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան: 33 տարեկան Արզումանեան այս ամրան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Արցախի հետ, որուն հետ սակայն պաշտօնական որեւէ մրցում չկատարեց` վնասուածքի պատճառով:  

Միջազգային Ֆութպոլ. Խոաքին Պօղոսեան` Կոլի Հեղինակ

Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Սփորթ Հուանքայօ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Այաքուչոյի հետ: Մինչ Հաուանքայօ ուշացած էր 3-2 արդիւնքով, ուրուկուէահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան յաջողեցաւ նշանակել իր կազմին հաւասարութեան կոլը (82-րդ): Նշենք, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը դաշտ ներկայացաւ 66-րդ վայրկեանին:  

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Գրաւեց Առաջին Դիրքը, Բայց… 3 Շաբաթով Կորսնցուց Մեսսիին

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Գրաւեց Առաջին Դիրքը, Բայց… 3 Շաբաթով Կորսնցուց Մեսսիին

Ռէալ Մատրիտ Կրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր  հիւրին` Սեւիլլային, անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆիլիփ Քութինիօ (2-րդ), Լիոնել Մեսսի (12-րդ), Լուիս Սուարեզ (63-րդ` փենալթիով) եւ Իվան Ռաքիթիչ (88-րդ): Այսպիսով, Պարսելոնա ընդհատեց չորս մրցում առանց յաղթանակներու շարքը, բայց երեք շաբաթով կորսնցուց իր խմբապետը` Մեսսին,...

Լիկ – 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն` 10-ի Վրայ 10-ը

Թիերի Հանրի Իր Նորամուտը Նշեց Պարտութեամբ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Լիկ-1-ի 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը` 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Ամիենին: Հինգ  կոլերը նշանակեցին հինգ մարզիկներ: Մրցումէն բացակայեցաւ Նէյմար: Այլ գետնի վրայ Մոնաքոյի նոր մարզիչը` Թիերի Հանրի, իր նորամուտը նշեց պարտութեամբ, երբ անոր կազմը 2-1 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Սթրազպուրկի դաշտէն: Իր կրած...

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Եւ Լիվըրփուլ` Յաղթական

Չելսի-Մանչեսթըր Եունայթըտ` 2-2 Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ յաղթանակներ արձանագրեցին: Այժմ անոնք ունին 23-ական կէտ: Սիթի իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պըրնլիին: Սերճիօ Ակուերօ Սիթիի յառաջապահ արժանթինցի Սերճիօ Ակուերօ, որ նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն իր  նշանակած կոլերու քանակով բարելաւեց իր մրցանիշը` մէկ ակումբի հետ...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Նաժըմ Ռատեսի Մրցումը` Ժամը 20:30-Ին

Ռիատի Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սալայի Դէմ Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 20 հոկտեմբերին, Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւելու մրցում մը տեղի պիտի ունենայ, երբ ՀՄԸՄ ճակատի թունուզեան Նաժըմ Ռատեսիի դէմ: Մրցումին յաղթականը, որ պիտի գրաւէ խմբակին պարագլուխի դիրքը, կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Ժամհիեթ Սալան (Մարոք), որ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ահլի Սայտա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 21 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը մրցում մը ունի կատարելիք: Յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ: Առաջակարգ դիրքեր գրաւելու նպատակով յաղթանակը շատ կարեւոր է խումբին համար: Այդ յաղթանակը կը կերտուի վստահաբար խումբին համակիրներուն հետ, որոնք դաշտ ուղղուելով պէտք է քաջալերեն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ Վաղը` Միլանօ Քաղաքի Տերպին Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, Անգլիոյ եւ Իտալիոյ մէջ պիտի կատարուին տաք ճակատումներ: Առաջին մրցումին, այսօր Չելսի պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը, մինչ վաղը տաք պիտի ըլլայ Միլանօ քաղաքի տերպին` Ինթեր Միլանի եւ Ա. Սէ. Միլանի միջեւ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՆԳԼԻԱ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Չելսի (2) -...

Ֆութսալ. Վաղը` Աֆաք – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը վաղը` կիրակի, 21 հոկտեմբերին կը կատարէ իր առաջին մրցումը` իր դէմ ունենալով Աֆաք խումբը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի նոր տարերջանին սկսիլ յաղթանակով, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանը

Սաժես - Հուփս բացման մրցումով, այսօր` շաբաթ, 20 հոկտեմբերին, կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- ՇԱԲԱԹ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Սաժես - Հուփս 17:00 Ղազիր ԿԻՐԱԿԻ, 21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ     Մութթահետ - Շանվիլ...

«Էն. Պի. Էյ.» Լեպրոն Ճէյմս 26 Կէտ Նշանակեց Իր Նոր Խումբին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի Հետ

Լեպրոն Ճէյմս (թիւ 23) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք մրցումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, 128-119 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Լեպրոն Ճէյմս, որ իր նոր ակումբին` Լէյքըրզի հետ կատարեց իր առաջին պաշտօնական մրցումը, նշանակեց 26 կէտ: 28 կէտ նշանակեց Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ): Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ յաղթեց իր հիւրին` Շիքակօ Պուլզին...

Page 778 of 1278 1 … 777 778 779 … 1,278

Արխիւներ