Հովանաւորութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ կազմակերպութեամբ Սփորթց-Մանիա ընկերութեան, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով սկիզբ առաւ դրամատուներու մինի ֆութպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 12 խումբերու:
Այդ խումբերն են` Կեդրոնական դրամատան, «Աուտէ»-ի «Արաբական երկիրներ»-ու, «Ժամմալ Թրասթ»-ի «Ֆրանսապանք»-ի, «Իհթիմատ Մասրըֆի»-ի, «Եգիպտոս-Լիբանան»-ի, «Սոսիեթէ Ժեներալ»-ի, «Ֆըրսթ Նեշընըլ»-ի, «Պիպլոս»-ի, «Պլոմ»-ի եւ «Լիբանան-Զուիցերիա» դրամատան:
Կազմակերպիչ ընկերութիւնը յայտնեց, որ տիտղոսակիր խումբը պիտի մեկնի Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` մասնակցելու դրամատուներու միջազգային մրցաշարքին:
Այդ խումբին պիտի ապահովուի օդանաւի երթուդարձի տոմսը: