Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ իր աւարտին մօտեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, 2013-ին աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Դաւիթ Սաֆարեան, 70 քկ դասակարգին մէջ զրկուեցաւ պրոնզէ մետալին համար պայքարէն, երբ քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ (10-0 արդիւնքով) Ատամ Պաթիրովէն (Պիելոռուսիա):
Նկատի ունենալով, որ Պաթիրով ապահովեց աւարտականին իր տոմսը, Սաֆարեան կարելիութիւն ուեցաւ պայքարելու պրոնզէ մետալի մը տիրանալու համար: Բայց հայրենի ըմբիշը դարձեա՛լ պարտուեցաւ:



