Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը փոփոխութեան ենթարկեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կարգ մը մրցումներուն ժամերը` նկատի ունենալով մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու պարագան:
Երկուշաբթի, 29 հոկտեմբերին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կատարուելիք ՀՄԸՄ – Պիպլոս մրցումը, փոխան 18:00-ի պիտի կատարուի ժամը 19:00-ին:
Այսօր տեղի ունենալիք Ռիատի – Պիպլոս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19:00-ին (նախապէս` 18:00):
Իսկ Շանվիլ – Սաժես մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ, ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին փոխան 18:00-ի, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին:
Այլ գետնի վրայ, նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Աթլաս, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 97-78 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Պէյրութին:


