Ուրբաթ, 19 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ կայացաւ ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր ժողովը, որ լսեց ու քննարկեց նախորդ շրջանի քառամեայ գործունէութիւնը եւ ընտրեց ֆետերասիոնի նոր գործադիր մարմինը:
Ժողովին մասնակիցները շեշտը դրին բոլոր ցամաքամասերու մէջ գործող ֆրանսախօս ֆետերասիոններու գործակցութեան կարեւորութեան վրայ: Ժողովին ներկայ էին նաեւ հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնի ֆրանսացի նախագահ Տավիտ Լափարթիէն եւ փոխնախագահներ Ուաժիհ Ազզամ եւ Ռենաթօ տի Ռոքօ:
Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները որդեգրեցին յառաջիկայ քառամեայ շրջանի կատարուելիք աշխատանքները, յատկապէս մրցումներու ու ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն վերաբերեալ: Ժողովի աւարտին ընտրուեցան նոր ֆետերասիոնի 11 անդամները:
Վաչէ Ծատուրեան ընտրուեցաւ անդամ ու Ա. փոխնախագահ: Ծատուրեան, Ասիոյ միակ ներկայացուցիչն էր:
Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ, տեղի կ՛ունենար նաեւ աշխարհի բաժակի վազքուղիի հանգրուանը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր Եւրոպայի ախոյեան Էտկար Ստեփանեան, որուն հետ Ծատուրեան առիթը ունեցաւ զրուցելու ու խօսելու Հայաստանի հեծելարշաւի զարգացման մասին: