Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ – Մութթահետ Վաղը` Հուփս – Ռիատի

Շանվիլ - ՍաժեսPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, Շիահի մարզադաշտին վրայ, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Մութթահետը, ժամը 17:00-ին: Երկուքն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին պարտուեցան: Վաղը` կիրակի, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, ժամը 17:00-ին, Ռիատի հիւրը կ՛ըլլայ Հուփսի: Առաջին մրցումին Ռիատի յաղթեց, մինչ Հուփս` պարտուեցաւ: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 29 հոկտեմբերին, երբ ժամը 19:00-ին...

Լողարշաւ. Ժեզիրէ Ռիատի Ակումբը Տուպայէն Վերադարձաւ 14 Մետալով

Մասնակցութեամբ արաբական եւ միջազգային 24 խումբերու, շուրջ 300 երկսեռ մարզիկներու, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ լողարշաւի միջազգային մրցաշարք մը, կազմակերպութեամբ Հեմիլթըն ակումբին: Լիբանանեան Ժեզիրէ Ռիատի ակումբը, որ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, Պէյրութ վերադարձաւ, 14 մետալներով (2 ոսկի, 6 արծաթ եւ 6 պրոնզ): Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն էր Նեսիպ Սաապ:

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Արփինէ Դալալեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Լեհաստանի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչ Արփինէ Դալալեան տիրացաւ արծաթ մետալի: 20 տարեկանէն վար աղջկանց 90 քկ եւ վեր դասակարգի մրցումներուն արձանագրելով 232 քկ արդիւնք մը (95+137), հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Ախոյեան հանդիսացաւ Լեհաստանը ներկայացնող Մակտալենա Քարոլաք, որ արձանագրեց 239 քկ արդիւնք մը (103+136): Նշենք, որ նախորդ տարի Դալալեան` արձանագրելով 228 քկ արդիւնք մը (97+131), հանդիսացած էր...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը. Լեպրոն Ճէյմզ` Թրիփըլ-Տապըլ-ի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած չորս մրցումներուն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Տենվըր Նակեթցին, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 121-114 արդիւնքով: Յաջորդական չորս յաղթանակէ ետք, Նակեթց կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: Լեպրոն Ճէյմզ Լէյքըրզի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր մեծ դերը ունեցաւ Լեպրոն Ճէյմզ, որ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (28 կէտ, 11 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Ան...

«Եւրոպայի Լիկա». Վորսքլայի Պատմական Յաղթանակը Ազրպէյճանական Ֆ. Ք. Քարափաղի Դէմ

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ուքրանական Վորսքլա խումբը պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանական Ֆ. Ք. Քարափաղի դէմ` 1-0 արդիւնքով (Ե. խմբակ): Վորսքլա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով էր, որ յաղթանակ մը կ՛արձանագրէր եւրոպական մրցաշարքի մը հիմնական հանգրուան (ոչ` զտումի մրցաշարք): Յաղթական կազմին կոլը նշանակեց Վլատիսլաւ Քուլաչ (48-րդ): Ստորեւ` Ե. խմբակին դասաւորման...

Պասքեթպոլ.  Մարզիչի Ա. Կարգի Յատուկ Դասընթացքներ

Պասքեթպոլ. Մարզիչի Ա. Կարգի Յատուկ Դասընթացքներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, երէկ` հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ սկսան մարզիչներու Ա. կարգի յատուկ դասընթացքները, մասնակցութեամբ 17 մարզիչներու: 6 օրուան վրայ երկարող այս դասընթացքները կը ներկայացնէ սերպ դասախօս Միլան Քոթարիչ: Առաջին օրը ներկայ էր նաեւ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ:  

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց 20-րդ Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ֆահիս

Աղեքսանդրիոյ մէջ շարունակուող Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի 20-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, Բ. խմբակին մաս կազմող, տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, ժամը 15:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), յորդանանեան Ֆահիս խումբին դէմ: Նախապէս հաղորդեցինք, որ նախանցեալ օր ՀՄԸՄ շռնդալից յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը, երբ բաւական ծանր պարտութեան (102-34) մատնեց Նասըրը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Բ. Հանգրուանը

Շանվիլ - Սաժես բացման մրցումով այսօր կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին: Նշենք, որ երկու խումբերն ալ նոր տարեշրջանը սկսան յաղթանակով: Վաղը` շաբաթ, Շիահի մէջ, ժամը 17:00-ին, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Մութթահետը, մինչ կիրակի, 28 հոկտեմբերին, նոյն ժամուն, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, Հուփս`...

Թենիս. Այսօր Կը Սկսի 2018-ի Ակումբներու Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, այսօր` ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, կը սկսի Լիբանանի 2018-ի ակումբներու ախոյեանութիւնը` Քարփաուըրշիփ, մասնակցութեամբ հետեւեալ 13 ակումբներուն` Մոն լա Սալ, կոլֆ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», Շեպիպէ, Նահտա, Լուէյզի, Սփրինկ Հիլզ, Քոլինա Քաունթրի Քլապ, Տըլըպ Քաունթրի Քլապ, Սամայա, 1875, Հոլիտէյ Պիչ եւ Ժամհուր: Նշենք, որ տարիքային 9 տարբեր դասակարգերու մէջ սկսելիք այս ախոյեանութիւնը կը հովանաւորեն Տանլոփ եւ Սփորթց ֆոր...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Յակոբ Մկրտչեան Եւ Անդրանիկ Կարապետեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Յակոբ Մկրտչեան Եւ Անդրանիկ Կարապետեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները 23 տարեկանէն վար մրցումներուն հանդիսացան Եւրոպայի ախոյեան: Յակոբ Մկրտչեան 94 քկ դասակարգին մէջ Յակոբ Մկրտչեան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 368 քկ (160 + 208) արդիւնք մը: Իր կարգին, ոսկի մետալի տիրացաւ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ)` արձանագրելով 369 քկ (176+193) արդիւնք մը: Սամուէլ Բաբակեան Իսկ 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Հայաստանի...

«ՖԻՖԱ». Հայաստանի Հաւաքականը Նահանջեց

Երէկ «ՖԻՖԱ»-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի միջազգային նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը` մէկ դիրք նահանջելով, այժմ կը գրաւէ 101-րդ դիրք: Նշենք, որ հոկտեմբերին Արմէն Գյուլբուդաղեանցի գլխաւորած կազմը, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ճիպրալթարէն եւ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Մակեդոնիոյ: Նշենք, որ Ճիպրալթար Հայաստանի եւ Լիխթնշթայնի դէմ իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ 8 դիրք յառաջդիմելով, բարձրացաւ 190-րդ դիրք:...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պենզեմա Կրկնեց Մեսսիի Եւ Ռաուլի Մրցանիշը

Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ չեխական Վիքթորիա Փլզենի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կոլի հեղինակ դարձաւ, այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ հանդիսացաւ երրորդ ֆութպոլիստը, որ կոլ կը նշանակէ յաջորդաբար 14-րդ մրցումն ըլլալով: Նախապէս այդ մէկը իրագործած էին Ռաուլ Կոնցալես (Ռէալ Մատրիտ) եւ Լիոնել Մեսսի (Պարսելոնա): Նշենք, որ իր նշանակած այդ կոլին շնորհիւ (57-րդը), Պենզեմա այս մրցաշարքին գծով կոլ-սքորըրներու...

«Եւրոպայի Լիկա». Մխիթարեան Իր Մասնակցութիւնը Բերաւ Արսենալի Արձանագրած Յաղթանակին

Երէկ գիշեր, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, Ե. խմբակին մաս կազմող Արսենալ, որ Սփորթինկ Լիզպոնի հիւրը եղաւ, 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակով մը հեռացաւ Փորթուգալէն` արձանագրելով իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, շնորհիւ` Տենի Ուելպեքի նշանակած կոլին (78-րդ): Հենրիխ Մխիթարեան երէկուան մրցումին ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, իր կազմին...

«Էն. Պի. Էյ.». Սթեֆըն Քարի Նշանակեց 51 Կէտ, Ներառեալ` 11 Թրի Փոյնթ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն ուշագրաւ եղաւ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի յաղթանակը Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ` 144-122 արդիւնքով (առաջին քորթըր` 46-37, ի նպաստ Ուորիըրզին): Անիկա յիշատակելի եղաւ նամանաւանդ, Ուորիըրզի մարզիկներէն Սթեֆըն Քարիի համար, որ յաջողեցաւ իր անունը արձանագրել «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ, ոչ թէ այն պատճառով, որ ան երէկ նշանակեց 51 կէտ, այլ որովհետեւ...

«ՖԻՖԱ»-ն Կրնայ Արգիլել Ժիրոնա – Պարսելոնա Մրցումին Կայացումը` Մայեմիի Մէջ

Այսօր` ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին գումարելիք նիստին «ՖԻՖԱ»-ն պիտի քննարկէ Ժիրոնա - Պարսելոնա, «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանին մրցումը Մայեմիի մէջ (Մ. Նահանգներ) կայացնելու հարցը եւ այս գծով տայ վերջնական որոշում մը: «Սփորթ-Էս.»-ի համաձայն, հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ «ՖԻՖԱ»-ն մրցումին հոն կայացումը արգիլէ: Նախապէս անոր հոն կայացման համար իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին Ռէալ Մատրիտ եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, մինչ «Լա լիկա»-ի...

Լոփեթեկիի Պաշտօնազրկումը Ռէալ Մատրիտին Պիտի Արժէ 18 Միլիոն Եւրօ

Նախորդ ամրան ընթացքին Խուլիեն Լոփեթեկի նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ` մինչեւ 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ: Անոր արձանագրած արդիւնքները Ռէալի հետ, ցարդ կը նկատուին միջակէն վար, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ անոր պաշտօնազրկումին: Սակայն եթէ պատահի, որ արքայական ակումբը ժամանակէն առաջ խզէ այդ պայմանագրութիւնը, պարտաւոր է իբրեւ փոխհատուցում անոր վճարել 18 միլիոն եւրօ: Այս մասին կը յայտնէ «Սփորթ-Էս.»-ը: Նշուեցաւ,...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիաս Շռնդալից Յաղթանակով Մը` 102-34 Արդիւնքով, Ծանր Պարտութեան Մատնեց Նասըրը

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիաս Շռնդալից Յաղթանակով Մը` 102-34 Արդիւնքով, Ծանր Պարտութեան Մատնեց Նասըրը

Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս), երէկ սկսաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` 4 խումբ: Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիաս (Բ. խմբակ), շռնդալից յաղթանակով մը սկսաւ այս ախոյեանութիւնը, երբ բաւական փայլուն արդիւնքով` 102-34, պարտութեան մատնեց Նասըրը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Մեղրի Թորոսեան` 21 կէտ (7 թրի փոյնթ, 10 փորձերէ...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մարզական Բաժանմունքի Յանձնախումբը Խստօրէն Կը Քննադատէ Աքրամ Հալապիի Դէմ Կատարուած Ցեխարձակումները

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի յանձնախումբը նշեց, որ խստօրէն կը քննադատէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի դէմ կատարուած ցեխարձակումները, որոնք ամբողջութեամբ զրպարտութիւն են: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հալապի կ՛աշխատի ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլին, խտրութիւն չի դներ ակումբներուն միջեւ, կը փորձէ վերականգնել Լիբանանի ազգային խումբերը` անոնց ապահովելով հովանաւորող ընկերութիւններ, տարիքային ախոյեանութիւններ կազմակերպել եւ այլ տեսակի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Թրիփոլիի Պատանիներու Խումբին Եօթը Մարզիկները Եւ Պատասխանատու Մը Կախակայուեցան

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շաբաթական հերթական ժողովին տուաւ կարգ մը որոշումներ: Առաջին հերթին, քննարկելէ ետք Ախա Ահլի Ալէյ - Նըժմէ մրցումին (Ա. դասակարգ, 3-րդ հանգրուան) գծով ծագած հարցերը, վերջին անգամ ըլլալով ազդարարեց Ալէյի կազմը, որ զսպէ իր համակիրները, այլապէս, եթէ ապագային որեւէ հարցեր պատահին, խումբը իր դաշտին վրայ կատարելիք բոլոր մրցումները պիտի խաղայ, չէզոք դաշտի վրայ: Ախա Ահլի Ալէյի եւ բոլոր...

«Եւրոպայի Լիկա». Հենրիխ Մխիթարեան Իր Խմբակիցներուն Հետ Մեկնեցաւ Լիզպոն

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Արսենալ այսօր հիւրը կ՛ըլլայ Սփորթինկ Լիզպոնի: Ե. խմբակին մէջ կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ցարդ իր կատարած երկու մրցումներէն առաւելագոյն 6 կէտը ապահոված Արսենալ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով նոյնինքն Սփորթինկին: Լոնտոնեան խումբին ֆութպոլիստները, որոնց կարգին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի...

Page 776 of 1278 1 … 775 776 777 … 1,278

Արխիւներ