Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Խուլիեն Լոփեթեկի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Քլասիքոյէն ետք պիտի հեռացուի արքայական ակումբէն:
Քլասիքոյէն ետք Ռէալի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար պիտի նշանակուի արժանթինցի Սանթիակօ Սոլարի, որ 2016-էն ի վեր կը գլխաւորէ Ռէալ Մատրիտի երիտասարդական խումբը: Նշենք, որ ան նախապէս իբրեւ ֆութպոլիստ, 2000-էն 2005, մաս կազմած է Ռէալի:
Նշենք, որ Լոփեթեկիի օրերուն Ռէալ Մատրիտ սահմանեց հակամրցանիշ մը` 465 վայրկեանի ընթացքին չկարենալով կոլ նշանակել:



