Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ Աքուաթլոն-2018-ի մրցումը, որ կը կատարուի 5-րդ տարին ըլլալով եւ կը ներառուի Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին տարեկան յայտագիրին մէջ:
Տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու աքուաթլոնի մրցումներ (վազք եւ լողարշաւ):
Մարզիկները լողացին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի ակումբէն (Քասլիք) դէպի Թապարժա, ուրկէ վազելով վերադարձան դէպի «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»` մեկնարկին վայրը:
40-49 տարեկան դասակարգին մէջ Սեւակ Տեմիրճեան (Սաթելիթի), գրաւեց առաջին դիրքը` արձանագրելով 1 ժամ 49′ 13″ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:




