Մարզական

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – 1875

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 9 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի 1875-ի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ անպարտելի միակ խումբն է: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ուրբաթ, 11 Յունուարին Կը Սկսին Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Դարձի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յատուկ շրջաբերականով մը հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն յայտագիրը: Դարձի Ա. հանգրուանը կը սկսի Հուփս - Սաժես մրցումով: Ա. հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի կազմը մրցում չունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ մասնակցող խումբերուն թիւը անզոյգ է: Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրը. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Պիպլոս - ՀՄԸՄ 20:30 Ժըպէյլ...

Պետմինթըն. Քազմա Եւ Հապիպ` 2005-2006-ի Ծնունդ Լիբանանի Ախոյեաններ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պետմինթընի 2005-2006-ի ծնունդներու ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 60 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին աւելի քան 10 ակումբներ: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Զէյնա Քազմա (Հուփս Պէյրութ), իսկ տղոց տիտղոսին` Քարլ Հապիպ (Ժամհուր): Աւարտին Լիբանանի պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ Ժասեմ Քանսօ ֆետերասիոնի այլ անդամներուն հետ միասին կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:  

Հենրիխ Մխիթարեան Կրնայ Հեռանալ Արսենալէն

«Տը Սան» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան կրնայ հեռանալ Արսենալէն, եթէ Պարսելոնայի սպանացի միջնապահ Տենիս Սուարես տեղափոխուի լոնտոնեան ակումբ: Նշուեցաւ, որ 25 տարեկան սպանացիին տեղափոխուելուն պատճառով, Մխիթարեան կրնայ վերջնականապէս իր դիրքը կորսնցնել իբրեւ հիմնական մարզիկ: Նշուեցաւ նաեւ, որ Արսենալի մարզիչ Ունայ Էմետի, ակումբին ղեկավարութեան յայտնած է, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին պէտք է ամէն գնով...

Թոնի Քրուս Ծանր Վնասուածք Ստացաւ

Ռէալ Մատրիտի գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս բաւական ծանր վնասուածք ստացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին, երբ կը մրցէր Ռէալ Սոսիետատի դէմ: Ան չկրցաւ մրցումը շարունակել եւ 80-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Արքայական ակումբին կայքը հաղորդեց, որ ճշգրիտ թուական մը չկայ 29 տարեկան Քրուսի ապաքինման գծով: Սակայն նշուեցաւ, որ անոր փոխարէն դաշտ պիտի ներկայանայ Իսքօ: Ռէալ Մատրիտէն վնասուածք ունի նաեւ...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Մեթիու Եզիկեան` Կոլի Հեղինակ

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Լիոն Լա Տիւշեր, որ հիւրընկալեց Նիմը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լիոն Լա Տիւշերի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ յիշատակելի` նկատի ունենալով, որ անիկա մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին, մինչ Նիմ` բարձրագոյն դասակարգին («Լիկ-1»): Յաղթական կազմին երրորդ կոլը փենալթիով նշանակեց հայ միջնապահ Մեթիու Եզիկեան` 88-րդ վայրկեանին: 27 տարեկան Եզիկեան 2011-ին փորձառական շրջան մը...

Մարքօ Ռէոս` «Պունտըսլիկա»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Պորուսիա Տորթմունտի գերմանացի յառաջապահ Մարքօ Ռէոս, ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի առաջին կէսին լաւագոյն ֆութպոլիստը (առանց բերդապահներու): Գերմանական «Քիքըր-ի կողմէ կազմակերպուած լաւագոյն ֆութպոլիստի այս ընտրութեան մասնակցեցան «Պունտըսլիկա»-ի խումբերուն մարզիկները: Ան ապահովեց ձայներուն 44 առ հարիւրը: Անոր ետին գտնուող երկու այլ ֆութպոլիստներ ստացան ձայներուն 8,9 առ հարիւրը: Ան 2018-ին ճանչցուած էր Գերմանիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը:  

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Առաջին` 5 Կէտի Առաւելութեամբ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկա»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները եղան ի նպաստ Պարսելոնայի, որ Կեթաֆէի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, 5 կէտի առաւելութեամբ ամրապնդեց պարագլոխի իր դիրքը: Վերոնշեալ մրցումին, Լիոնել Մեսսի (20-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (39-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը: Կարեւոր ճակատում մը` Սեւիլլայի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ, աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, մինչ Ռէալ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով...

Պասքեթպոլ. Լեպրոն Ճէյմս Շաբաթ Մը Եւս Պիտի Բացակայի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի կայքը տեղեկացուց, որ ակումբին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս շաբաթ մը եւս պիտի բացակայի դաշտերէն: Ամերիկացին վիրաւորուեցաւ նախորդ տարուան 26 դեկտեմբերին, երբ կը մրցէր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ: Այս տարեշրջանին Լէյքըրզ Ճէյմսի հետ սկսաւ բաւական լաւ արդիւնքներ արձանագրել: 34 տարեկան Ճէյմս իւրաքանչիւր մրցումի միջին հաշուով կը նշանակէ 27,3 կէտ:

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Նակեթցի. Հարտեն Նշանակեց 32 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Տենվըր Նակեթցը, արձանագրեց 125-113 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 32 կէտ, իսկ Նակեթցէն Նիքոլա Ժոքիչ նշանակեց 24 կէտ: Ճէյմս Հարտեն (աջին)` երէկուան մրցումին Թէեւ Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 34 կէտ, բայց անոր կազմը` Տիթրոյիթ Փիսթընզ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սան Անթոնիօ Սփըրզէն,...

Շումախըրի Առողջական Վիճակը` Դէպի Բարելաւում

Հինգշաբթի, 3 յունուարին, «Ֆորմիւլա-1»-ի եօթնակի ախոյեան Միքայէլ Շումախըրի ծննդեան տարեդարձն էր: Ան 2013-ին գլխու ծանր վնասուածք ստացաւ, երբ դահոյկով չմշկելու ընթացքին արկածի մը հանդիպեցաւ: Անոր կինը` Քորինան, յայտնեց, որ Շումախըրի վիճակը բարելաւուած է: Ան ըսաւ, որ ինք յաւելեալ բացատրութիւններ չի կրնար տալ` իր ամուսինին խնդրանքով: Դեկտեմբերին «Տէյլի Մէյլ» հաղորդած էր, որ թէեւ Շումախըր անկողինին մէջ չէ, սակայն բժշկական օգնութիւններու կարիքը...

«Փրեմիեր Լիկ». Ախոյեանութիւնը Կ՛առնէ Կարճ Դադար Մը

Հակառակ անոր որ եւրոպական երկիրներու մէջ ախոյեանութեան մրցումները առին իրենց ձմեռնային արձակուրդը, սակայն նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ մէջ մրցումները շարունակուեցան, եւ խումբերը կատարեցին իրենց յայտագիրին վրայ գտնուող հանդիպումները: Մանչեսթըր Սիթի - Լիվըրփուլ մրցումէն ետք, այժմ ախոյեանութիւնը կ՛առնէ կարճ դադար մը մինչեւ 12 յունուար, երբ տեղի կ՛ունենան 22-րդ հանգրուանի մրցումները: Վերոնշեալ մրցումին գործող ախոյեան Սիթի ի վերջոյ եկաւ կասեցնելով Լիվըրփուլի անպարտելիութեան շարքը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (90-77)  Եւ  Պարագլուխի Դիրքը Գրաւելով  Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (90-77) Եւ Պարագլուխի Դիրքը Գրաւելով Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 4 յունուարին, տեղի ունեցաւ սպասուած գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը կը նկատուէր բաւական կարեւոր, այն իմաստով, որ յաղթական խումբը պիտի հանդիսանար երթի ախոյեան: Նշենք, որ երկու խումբերն ալ գագաթի այս ճակատումին սկսան 6 յաղթանակով եւ մէկ պարտութեամբ:...

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Կէտեր Կորսնցուց Վիարէալի Դաշտին Վրայ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Վիարէալին, բաւարարուեցաւ 2-2 արդիւնքով: Քարիմ Պենզեմա (7-րդ) եւ Ռաֆայէլ Վարան (20-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը: Բայց Սանթրի Քազորլա նշանակելով երկու կոլ (-րդ եւ 82-րդ) պատճառ դարձաւ, որ Ռէալ Մատրիտ կէտեր կորսնցնէ «Էսթատիօ տէ լա Սերամիքա», մարզադաշտին վրայ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Ռէալ Մատրիտ այժմ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Ռոքեթց Յաղթեց Գործող Ախոյեան Ուորիըրզին` Կէտի Մը Տարբերութեամբ

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Գործող Ախոյեան Ուորիըրզին` Կէտի Մը Տարբերութեամբ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան միայն երեք ճակատումներ: Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրը եղաւ գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, երկարաձգումէն ետք կէտի մը տարբերութեամբ 135-134 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ճէյմս Հարտեն (աջին) եւ Սթեֆըն Քարի Յաղթական կազմէն բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Ճէյմս Հարտեն (44 կէտ, 10 ռիպաունտ, 15 էսիսթ): Իսկ Ուորիըրզէն ամէնէն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մանարայի «Սաէպ Սալամ» դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Ցարդ իրենց կատարած մրցումներուն երկու կազմերն ալ արձանագրած են վեցական յաղթանակ եւ կրած մէկական պարտութիւն: ՀՄԸՄ, որ աւելի շատ կողովներ նշանակած է,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հրապարակուեցաւ Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները կը սկսին այս շաբաթավերջէն ետք: Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբին կատարելիք դարձի մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - 1875 21:00 Աղբալեան Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ, 12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս 16:00 Տեմիրճեան Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 22...

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շատրա Ռիատի

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 4 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Շատրա Ռիատիի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա), պիտի սկսի ժամը 20:00-ին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը վերջերս կ՛արձանագրէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ: Այսօրուան մրցումին եւս կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն`...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Նըժում Ռիատի Հանդիսացաւ Աղջկանց 2018-2019 Տարեշրջանի Ախոյեան

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց 2019 տարուան իր առաջին նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը` տալով համապատասխան որոշումներ: Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Ահտ խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի փոքրերու 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան: Նըժում Ռիատա հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան` փլէյ-օֆի մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Զուք Մոսպեհին: Կախակայուեցան շարք մը մարզիկներ, որոնք ստացան իրենց երրորդ դեղին քարտը եւ մրցումով...

Զուարթնոց Օդակայանին Մէջ Սպարտակ Դիմաւորուեցաւ ՖԱՖ-ի Համակիրներուն Կողմէ

Լոնտոնեան Արսենալի եւ Ազրպէյճանը ներկայացնող Քարապաղի միջեւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուած մրցումին ընթացքին, Արցախի դրօշակով եւ շապիկին Մոնթէ Մելքոնեանի պատկերով դաշտ խուժած համակիրը երէկ հասաւ Հայաստան: Պելճիքայի մէջ բնակող Սպարտակ անունով համակիրը երկար տարիներէ ի վեր չէր այցելած Հայաստան յայտնեց հայկական ՖԱՖ համակիրներու շարժումը: Զուարթնոց օդակայանին մէջ Սպարտակ դիմաւորուեցաւ «ՖԱՖ»-ի համակիրներուն կողմէ: Ան արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան:

Page 750 of 1278 1 … 749 750 751 … 1,278

Արխիւներ