
Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 4 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Շատրա Ռիատիի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա), պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը վերջերս կ՛արձանագրէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:
Այսօրուան մրցումին եւս կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն` 2019 տարին սկսելու համար յաղթական մթնոլորտի մէջ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Այժմ ՀՄԸՄ-ի կազմը 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 3-րդ դիրքը:


