Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 9 յունուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի 1875-ի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս ցարդ անպարտելի միակ խումբն է:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: