Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց 2019 տարուան իր առաջին նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը` տալով համապատասխան որոշումներ:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Ահտ խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի փոքրերու 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան:

Նըժում Ռիատա հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեան` փլէյ-օֆի մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Զուք Մոսպեհին:
Կախակայուեցան շարք մը մարզիկներ, որոնք ստացան իրենց երրորդ դեղին քարտը եւ մրցումով պիտի չկարենան դաշտ ներկայանալ:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, յայտագիրին վրայ են միայն Գ. դասակարգի ախոյեանութեան (10-րդ հանգրուան) եւ կրտսերներու ախոյեանութեան (Ա. հանգրուան) մրցումները:
Ահլի Սարպա եւ ՀՄՄ, որոնք անցեալին Ա. դասակարգին մէջ էին, այժմ կը մրցին իրարու դէմ` Գ. դասակարգին գծով:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ:


