«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի կայքը տեղեկացուց, որ ակումբին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս շաբաթ մը եւս պիտի բացակայի դաշտերէն:
Ամերիկացին վիրաւորուեցաւ նախորդ տարուան 26 դեկտեմբերին, երբ կը մրցէր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ:
Այս տարեշրջանին Լէյքըրզ Ճէյմսի հետ սկսաւ բաւական լաւ արդիւնքներ արձանագրել:
34 տարեկան Ճէյմս իւրաքանչիւր մրցումի միջին հաշուով կը նշանակէ 27,3 կէտ:



