Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Լիոն Լա Տիւշեր, որ հիւրընկալեց Նիմը, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Լիոն Լա Տիւշերի արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ յիշատակելի` նկատի ունենալով, որ անիկա մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին, մինչ Նիմ` բարձրագոյն դասակարգին («Լիկ-1»):
Յաղթական կազմին երրորդ կոլը փենալթիով նշանակեց հայ միջնապահ Մեթիու Եզիկեան` 88-րդ վայրկեանին:
27 տարեկան Եզիկեան 2011-ին փորձառական շրջան մը անցուցած է Միքա Երեւանի հետ: