
Լոնտոնեան Արսենալի եւ Ազրպէյճանը ներկայացնող Քարապաղի միջեւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուած մրցումին ընթացքին, Արցախի դրօշակով եւ շապիկին Մոնթէ Մելքոնեանի պատկերով դաշտ խուժած համակիրը երէկ հասաւ Հայաստան:
Պելճիքայի մէջ բնակող Սպարտակ անունով համակիրը երկար տարիներէ ի վեր չէր այցելած Հայաստան յայտնեց հայկական ՖԱՖ համակիրներու շարժումը:
Զուարթնոց օդակայանին մէջ Սպարտակ դիմաւորուեցաւ «ՖԱՖ»-ի համակիրներուն կողմէ: Ան արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան:


