Պորուսիա Տորթմունտի գերմանացի յառաջապահ Մարքօ Ռէոս, ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի առաջին կէսին լաւագոյն ֆութպոլիստը (առանց բերդապահներու):
Գերմանական «Քիքըր-ի կողմէ կազմակերպուած լաւագոյն ֆութպոլիստի այս ընտրութեան մասնակցեցան «Պունտըսլիկա»-ի խումբերուն մարզիկները:
Ան ապահովեց ձայներուն 44 առ հարիւրը:
Անոր ետին գտնուող երկու այլ ֆութպոլիստներ ստացան ձայներուն 8,9 առ հարիւրը:
Ան 2018-ին ճանչցուած էր Գերմանիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը: