Մարզական

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Կարէն Խաչանովի Մրցակիցը` Գերմանացի Փիթըր Կոժովզիք

Երէկ տեղի ունեցաւ 2019 տարուան թենիսի առաջին կրան շլեմի` Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որուն ազդանշանը պիտի տրուի 14 յունուարին: Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով իրեն մրցակից պիտի ունենայ գերմանացի Փիթըր Կոժովզիքը: Խաչանով դասուած է 10-րդ: Մրցաշարքին եւ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչ Ա. հանգրուանին մրցում չունի կատարելիք: Գործող ախոյեան զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի մրցակիցը պիտի ըլլայ ուզպեք Տենիս...

Ռոպերթ Արզումանեան Վերադարձաւ Փիւնիկ

Փիւնիկի սան, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Փիւնիկ` այս անգամ ստանձնելով սակայն թեքնիք պատասխանատուի պաշտօնը: Ան պիտի զբաղի մարզիկներու ընտրութեամբ: Այս գծով երէկ յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:  

Խորէն Յովհաննիսեան` 64 Տարեկան

Նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Արարատ Երեւանի նախկին միջնապահ Խորէն Յովհաննիսեան, երէկ տօնեց իր ծննդեան 64-րդ տարեդարձը: Հայաստանի 20-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստը նախկին Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կատարեց 34 մրցում` նշանակելով 6 կոլ: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ 1982-ի մոնտիալին:

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Արձանագրեց 9-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը

Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին գծով իր կատարած երթի մրցումին, Մանչեսթըր Սիթի 9-0 արդիւնքով բաւական ծանր արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պարթըն Ալպիընին: Պրազիլցի յառաջապահ Կապրիել Խեսուս նշանակեց 4 կոլ: Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 23 յունուարին: Կիսաւարտականի միւս մրցումին, Թոթենհամ երթին գծով, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած է Չելսիի դէմ:  

Մանչեսթըր Եունայթըտ Փոխհատուցում Վճարեց Մուրինիոյին

«Տէյլի Մէյլ» երէկ յայտնեց, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը խումբին գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին վճարեց 16,6 միլիոն եւրօ` իբրեւ փոխհատուցում, փորթուգալցիին պայմանագիրը ժամանակէն առաջ խզելուն համար: Այժմ 55 տարեկան Մուրինիօ կարելիութիւն ունի գլխաւորելու այլ ակումբ մը: Մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատարն է նորվեկիացի Ուլէկիւնար Սոլսքիար, որ ակումբին հետ ելոյթ ունեցած է 1996-էն 2007:

Քուրթուա Վնասուածք Ստացաւ

Ռէալ Մատրիտի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա, որ մկանային վնասուածք ստացաւ, շուրջ 15 օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը: Այսպիսով, ան կը միանայ Ռէալի վիրաւորներու ցանկին, որուն մէջ են Կերըթ Պէյլ, Թոնի Քրուս, Մարքօ Ասենսիօ, Մարիանօ Տիաս եւ Մարքոս Լիորենթէ: 26 տարեկան Քուրթուա, որ 2018-ի ամրան միացաւ Ռէալին, այս տարեշրջանին ցարդ իր կատարած 16 մրցումներուն իր բերդին...

«Էն. Պի. Էյ.». Քայլ Քուզմա Առաջին Անգամ Ըլլալով Նշանակեց 41 Կէտ

Ճէյմս Հարտեն Նշանակեց 42 Կէտ, Բայց Ռոքեթց Պարտուեցաւ Քայլ Քուզմա «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 12 մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող Քայլ Քուզմայի համար Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ արձանագրուած յաղթանակը (113-100) եղաւ անմոռանալի, որովհետեւ ան այդ մրցումին իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով նշանակեց 41 կէտ: Ան այս իրագործումը կատարեց երեք քորթըրի ընթացքին: Հիուսթըն...

Կրիզման` «Լա Լիկա»-ի Դեկտեմբերի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզման ճանչցուեցաւ իբրեւ սպանական «Լա լիկա»-ի դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, յայտնեց «Լա լիկա»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախորդ ամիս ան Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց մէկ էսիսթ` արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէի գլխաւորած խումբին օգնելով չորս մրցումի ընթացքին ապահովելու 10 կէտ: Ան իր մրցանակը պիտի ստանայ այս ամիս` Աթլեթիքօ Մատրիտ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց 1875-ի Դէմ` 81-17 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ 1875-ի դէմ: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ մեծ յաղթանակով` 81-17 արդիւնքով (22-4, 18-1, 23-6 եւ 18-6): Ցարդ անպարտելի ՀՄԸՄ արձանագրեց իր ութերորդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ մրցակիցը կրեց իր վեցերորդ...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Քաթար 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Լիբանանի

Երէկ` չորեքշաբթի, 9 յունուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանան - Քաթար մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 17-րդ մրցաշարքի 5-րդ խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին Քաթար նշանակեց 2 կոլ եւ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին ներկայ գտնուեցան եօթը հազար հանդիսատեսներ, որոնց մեծամասնութիւնը` լիբանանցիներ: Օրուան...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Արդիւնքներու Վաւերացում, Տուգանքներու Սահմանում Եւ Կախակայումներ

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Ամալ Մաարաքէ Եւ Ուխուուա Խարայեպ Տուգանքի Ենթարկուեցան

Իր գումարած շաբաթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները (3-րդ դասակարգ, ֆութսալ եւ այլն): Ահլի Սարպայի պատասխանատուներէն (3-րդ դասակարգ) Մանսուր Սթեֆան 2 ամիսով կախակայուեցաւ: 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ Ահլի Սարպա 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ՀՄՄ-ի դէմ: Ամալ Մաարաքէ եւ Ուխուուա Խարայեպ հինգ հարիւր հազարական լիբանանեան ոսկիի տուգանքով պատժուեցան ֆետերասիոնին կողմէ: Ինչ կը վերաբերի կախակայուած մարզիկներուն,...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Հանդիսացաւ Երրորդ

2015-ին Հայաստանի ճատրակի ախոյեան հանդիսացած Կարէն Գրիգորեան երրորդ դիրքը գրաւեց Սպանիոյ Ռոքեթաս Տէ Մար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին: Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով կէս կէտով միայն զիջեցաւ տիտղոսին տիրացած ռուս Տմիթրի Ֆրոլիանովէն: Երկրորդ դիրքը գրաւեց սպանացի Ալեքսէյ Շիրով, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց Գրիգորեանը: 4-9-րդ դիրքերը գրաւած ճատրակ խաղացողները եւս ապահովեցին 7-ական կէտ:

Ափրիկէի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը Մնաց Անփոփոխ

Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ Ափրիկէի 2018 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, յայտնեց Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նախորդ տարուան նման, 26 տարեկան Սալահ գերազանցեց Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը (Կապոն, Արսենալ) եւ Սատիօ Մանէն (Սենեկալ Լիվըրփուլ), որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: Սալահ իբրեւ Ափրիկէի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուած էր նաեւ «Պի. Պի....

Եուրա Մովսիսեան Առաջարկներ Ունի Հայաստանէն Եւ Յունաստանէն

Ամերիկեան Շիքակօ Ֆայըրէն հեռացած Եուրա Մովսիսեան շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Հայաստանի կամ այլ երկրի մէջ: Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան Մովսիսեան առաջարկներ ունի Հայաստանէն եւ Յունաստանէն: Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան` «Մէյճըր-լիկ»-ին մէջ ան մաս կազմած է նաեւ Քանսաս Սիթիին եւ Ռէալ Սոլթ Լէյքին:  

Փիւնիկ Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Կատարէ Ուսումնամարզական Հաւաք Մը

21 յունուարէն 3 փետրուար Փիւնիկ Երեւան թրքական Ալանիա քաղաքին մէջ պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը, յայտնեց հայկական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ռուս Անտրէ Թալալայեւի գլխաւորած խումբը Ազանիայի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական չորս մրցում: Նշուեցաւ, որ Փիւնիկի մրցակիցները պիտի ըլլան Սլաւիա, Մոնթանա (Պուլկարիա), Ալեքսանտրիա (Ուքրանիա) եւ Իւնիվերսիթաթիա Քլիւժ (Ռումանիա):  

«Էն. Պի. Էյ.».  Նակեթց Արձանագրեց Իր 27-րդ Յաղթանակը. Ժոքիչ Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.». Նակեթց Արձանագրեց Իր 27-րդ Յաղթանակը. Ժոքիչ Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 8 ճակատումներ: Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Տենվըր Նակեթց արձանագրեց իր 27-րդ յաղթանակը` 103-99 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Մայեմի Հիթի դաշտէն: Նիքոլա Ժոքիչ Յաղթական կազմին մարզիկներէն Նիքոլա Ժոքիչ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (29 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Էնտրու Ուիկինզ Օքլահոմա Սիթի իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Մինեսոթա Վուլվզէն (119-117):...

Սուարես Համաձայն Գտնուեցաւ Տեղափոխուիլ Արսենալ

«Սփորթ-Էս» կայքը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի միջնապահ Տենիս Սուարես համաձայն գտնուեցաւ տեղափոխուիլ լոնտոնեան Արսենալ: 25 տարեկան սպանացին ուզեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել իր նախկին մարզիչին` սպանացի Ունայ Էմերիի հետ: Ասիկա կը նշանակէ, որ Պարսելոնա անմիջապէս իր բանակցութիւններուն սկսի Արսենալի հետ: Սուարեսով հետաքրքրուած էին նաեւ Ա. Սէ. Միլան եւ Վալենսիա: Ան այս տարեշրջանին Պարսայի հետ մասնակցեցաւ միայն երկու մրցումի, եւ...

Թոթենհամ Էրիքսընի Համար Կը Պահանջէ 250 Միլիոն Եւրօ

Սպանական մամուլին համաձայն, Թոթենհամ պատրաստ է իր դանիացի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսընը ծախելու Ռէալ Մատրիտին: Սակայն անոր փոխանցման համար անիկա սպանական ակումբէն կը պահանջէ 250 միլիոն եւրօ: Ռէալ Մատրիտ մտադիր է առաջարկել 100 միլիոն եւրօ: Ան 2013-ին հոլանտական Այաքս Ամսթերտամէն Թոթենհամին միացած էր փոխան 13,5 միլիոն եւրոյի: 26 տարեկան ֆութպոլիստը Անգլիոյ ախոյեանութեան ընթացքին (այս տարեշրջանին) դաշտ ներկայացաւ 18 մրցումի` նշանակելով 4...

Փեփէ Միացաւ Փորթոյին

Փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել իր նախկին ակումբին` Փորթոյի հետ, որուն հետ կնքեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը` լքելէ ետք թրքական Պեշիքթաշը: 35 տարեկան Փեփէ 2004-2007 ժամանակամիջոցին մաս կազմեց Փորթոյին` փորթուգալեան ակումբին հետ կատարելով 84 մրցում եւ նշանակելով 7 կէտ: Փեփէ նախորդ դեկտեմբերին իր պայմանագրութիւնը խզեց Պեշիքթաշի հետ եւ անվճար տեղափոխուեցաւ Փորթօ: Քանի մը օր առաջ յայտարարուեցաւ,...

Պենժամէն Փաւար Միացաւ Պայէրն Միւնիխին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին տիրացած Պենժամէն Փաւարի յաջորդ ակումբը պիտի ըլլայ Պայէրն Միւնիխը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Գերմանական Շթութկարթէն հանդէս եկող 22 տարեկան յետսապահը Գերմանիոյ գործող ախոյեանին պիտի միանայ 1 յուլիս 2019-ին` ստորագրելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Նախապէս նշուած էր, որ Փաւարի փոխանցման համար Շթութկարթ կը պահանջէ 35 միլիոն եւրոյէն աւելի: Փաւար 2016-ին ֆրանսական Լիլէն տեղափոխուած...

Page 749 of 1278 1 … 748 749 750 … 1,278

Արխիւներ