Ռէալ Մատրիտի գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս բաւական ծանր վնասուածք ստացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին, երբ կը մրցէր Ռէալ Սոսիետատի դէմ: Ան չկրցաւ մրցումը շարունակել եւ 80-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Արքայական ակումբին կայքը հաղորդեց, որ ճշգրիտ թուական մը չկայ 29 տարեկան Քրուսի ապաքինման գծով: Սակայն նշուեցաւ, որ անոր փոխարէն դաշտ պիտի ներկայանայ Իսքօ:
Ռէալ Մատրիտէն վնասուածք ունի նաեւ Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ: