Մարզական

Խուաքին Պօղոսեան Փոխեց Իր Ակումբը

Ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խուաքին Պօղոսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փլասա Քոլոնիու ակումբին հետ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ուրուկուէյի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: 31 տարեկան Պօղոսեան, որ մաս կը կազմէր Ուանքայօ խումբին (Փերու), երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք դարձեալ կը վերադառնայ Ուրուկուէյ:

«Էն. Պի. Էյ.». Ռասըլ Ուեսթպրուքի Հերթական Թրիփըլ-Տապըլը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթիին մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք իր հերթական թրիփըլ-տապըլը իրագործեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (107-100), երբ նշանակեց 14 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ: Անոր խմբակից Փոլ Ճորճ նշանակեց 37 կէտ: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք աւարտեցաւ Ֆէոնիքս Սանզ - Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ մրցումը` ի...

Մոնաքօ Երկուքուկէս Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Ստորագրէ Ֆապրեկասի Հետ

Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը հաղորդեց, որ Մոնաքօ համաձայնութեան եկաւ Չելսիի հետ` ձեռք ձգելու համար անոր սպանացի միջնապահը` Սեսք Ֆապրեկասը: 31 տարեկան Ֆապրեկաս գրեթէ համաձայն գտնուեցաւ իշխանապետական կազմին հետ երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու: Նկատի ունենալով, որ ան ընտրեց Մոնաքոն, պիտի ստանայ յաւելեալ 10 միլիոն եւրոյի պարգեւավճար մը: Նշենք, որ Ֆապրեկասով հետաքրքրուած էին նաեւ Ա. Սէ. Միլան, Վալենսիա եւ Աթլեթիքօ...

Ակնարկ. Ո՛չ Ոք Կը Փափաքի ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Խումբը Տեսնել Գ. Դասակարգին Մէջ

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ 2018 տարուան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքը եղաւ բաւականին բեղուն, եւ արձանագրուեցան շարք մը նուաճումներ տեղականէն բացի արաբական գետնի վրայ ալ: Տիտղոսներուն մասին խօսուեցաւ եւ ձեռք ձգուած յաջողութիւններուն անդրադարձ կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի մարզական էջերուն ընդմէջէն: Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւններուն մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան: Կայ սակայն այդ փայլուն մետալին միւս կողմն ալ, որ ներկայիս քիչ մը տժգունած...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Մնաց 10-րդ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ (ՖԻՏԷ) հրապարակուած 2019 տարուան առաջին դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց իր դիրքին վրայ` 10-րդ, իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2767 կէտ: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Լարսըն (2835): Անոր ետին է Ֆապիանօ Քարուանա (Միացեալ Նահանգներ, 2828), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Շահրիար Մամետեարով (Ազրպէյճան, 2817): Առաջին հարիւրին մէջ են...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Եւ Հայկ Մարտիրոսեան` Միջազգային Մրցաշարքերու Յաղթականներ

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըրներ Կարէն Գրիգորեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան յաղթանակներ արձանագրեցին միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին: Սպանական Լորքա քաղաքին մէջ մասնակցելով 7-րդ միջազգային փառատօնի մրցաշարքին` Գրիգորեան հանդիսացաւ տիտղոսակիր, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ: Անոր ետին գտնուող հինգ կրանտմասթըրներ անկէ ետ մնացին մէկական կէտով: Իսկ Մարտիրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ զուիցերիական Ցիւրիխ քաղաքին մէջ կատարուած Ս. Ծննդեան 47-րդ միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 7 կէտէն...

«Էն. Պի. Էյ.». Նակեթց Յաղթեց. Նիքոլա Ժոքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Թորոնթօ Ռեփթըրզին մաս կազմող Քաուհի Լէոնարտ մեծապէս օգտակար դարձաւ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին, երբ Եութա Ճեզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (122-116) նշանակեց 45 կէտ: Նիքոլա Ժոքիչ Տենվըր Նակեթց 115-108 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նիւ Եորք Նիքսի դէմ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Նիքոլա Ժոքիչ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (19 կէտ, 14 ռիպաունտ,...

«Փրեմիեր Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Գագաթի Ճակատում

Հակառակ անոր որ եւրոպական կարեւոր երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները արձակուրդի մէջ են, բայց Անգլիոյ մէջ մրցումները կը շարունակուին: Այսօր` հինգշաբթի, 3 յունուարին, բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ երթի ախոյեան հանդիսացած եւ ցարդ անպարտելի Լիվըրփուլը: Ինչպէս ծանօթ է, Սիթիի արձանագրած վերջին արդիւնքները այդքան ալ լաւ չեն: Սակայն ընդհանրապէս իրենց դաշտերուն...

Հրացանաձգութիւն. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Պատուեց Իր Ախոյեանները

Յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին, Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը պատուեց իր ախոյեան մարզիկները, որոնք թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային ախոյեանութիւններու ու մրցաշարքերու ընթացքին տիրացան տիտղոսներու: Ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ իր եւ ֆետերասիոնին անունով շնորհաւորեց բոլոր ախոյեանները` անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ` 2019 տարուան ընթացքին կազմակերպուելիք տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ լիբանանեան մարզական մամուլին, որ կու գայ միշտ ալ զօրավիգ կանգնելու...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Միոտրակ Փերիսիչ Նշանակուեցաւ Պէյրութի Մարզիչ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պէյրութ ակումբը որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Փաթրիք Սապան: Անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ սերպ Միոտրակ Փերիսիչը, որ երէկ անմիջապէս սկսաւ իր փորձերուն` խումբին հետ:

Վոլիպոլ. Ուրբաթ, 4 Յունուարին Կը Սկսի 2018-2019 Տարեշրջանը

Ուրբաթ, 4 յունուարին կը սկսի Լիբանանի վոլիպոլի 2018-2019 տարեշրջանի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հետեւեալ 11 խումբերուն. Սփիտպոլ-Շեքքա, Զահրաա Մինա, Շեպիպեթ Թաննուրին, Շեպիպեթ Պաուշրիէ, Անուար Ժըտէյտէ, Մըթէյն Ռիատի, Ռիսալէ Սարաֆանտ, Լիբանանեան բանակ, Ռիատի Մըշմիշ, Ինաաշ Իժթիմահի, Քնաթ եւ Տալայեհ Տալհուն: Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 4 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շեպիպեթ Թաննուրին - Ինաաշ Քնաթ 19:00 Ղազիր Զահրաա Մինա - Տալայեհ...

Սամիր Նասրի Վերադարձաւ «Փրեմիեր Լիկ»

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Ուեսթ Համ Եունայթըտ յայտնեց, որ իր կազմին միացուց ֆրանսացի միջնապահ Սամիր Նասրին: Անգլիական ակումբը անոր հետ կարճատեւ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Ան նախապէս Անգլիոյ մէջ ելոյթ ունեցած է Մանչեսթըր Սիթիի հետ:  

«Մարքա». Մեսսի` 2018 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Սպանական անուանի «Մարքա» պարբերաթերթը ներկայացուց 2018-ի իր ընտրած լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: Ռէալ Մատրիտի միջնապահը` Լուքա Մոտրիչ, կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ: Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ): Նախորդ ամառ Ռէալ Մատրիտէն Եուվենթուս տեղափոխուած Քրիսթիանօ Ռոնալտօ չորրորդ է:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փայլուն Յաղթանակով Մը Աւարտեց 2018 Տարին` 100-68 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնելով Իր Հիւրը` Պէյրութը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, կիրակի, 30 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը մրցեցաւ Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի  ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, եղաւ 2018 տարուան վերջինը: Նախքան մրցումը սկսիլը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ՀՄԸՄ-ի անցեալի ֆութպոլիստ Աբօ Գասապեանին, որ քանի մը օր առաջ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 7-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ռաուտա Տըքուանէի

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 դեկտեմբերին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա) տեղի ունեցաւ Ռաուտա Տըքուանէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 7-1 արդիւնքով: 2 կոլ նշանակեցին Հայկ Խաչերեան եւ Փիեռ Քազզի, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Մհեր Սիւրմենեան, Խաչիկ Սերոբեան եւ Աւագ Պալապանեան:

Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Լ. Պետրոսեան Գրաւեց 10-րդ, Իսկ Լեւոն Արոնեան` 103-րդ Դիրքը

Ռուս Տանիել Տուպովի յաղթանակով աւարտեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած աշխարհի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը: Ան առաւելագոյն 15 կէտէն ապահովեց 11 կէտ: Անկէ կէսական կէտով ետ մնացին Շահրիար Մամետեարով (Ազրպէյճան), Հիքարու Նաքամուրա (Միացեալ Նահանգներ), Վլատիսլաւ Արթեմիեւ (Ռուսիա) եւ աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա): Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Տիգրան Լ. Պետրոսեան, որ 10 կէտով բաժնեց 7-17-րդ դիրքերը, իսկ լրացուցիչ ցուցանիշով...

Հայաստանի Հաւաքականին Ֆութպոլիստը Հեռացաւ Գանձասար-Կապանէն

Երկկողմանի համաձայնութեամբ մը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հայկ Իշխանեանի եւ Գանձասար - Կապանի միջեւ տեղի ունեցաւ պայմանագիրի խզում: Ան 2015-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբին հետ: 98 մրցումի ընթացքին ան իր ակումբին հետ նշանակեց 5 կոլ: Գանձասար - Կապանի ղեկավարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկ Իշխանեանին կապանեան ակումբին մարզաշապիկով ունեցած ելոյթներուն համար եւ անոր...

«Էն. Պի. Էյ.».  Օրլինզ Յաղթեց, Տէյվիս Նշանակեց 48 Կէտ.

«Էն. Պի. Էյ.». Օրլինզ Յաղթեց, Տէյվիս Նշանակեց 48 Կէտ.

 Նակեթց Յաղթեց, Միւրէյ Նշանակեց 41 Կէտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն (19), շարք մը մարզիկներ նշանակեցին իրենց կազմերու կէտերու շուրջ կէսը: Անթոնի Տէյվիս (ձախին) Նիւ Օրլինզի արձանագրած յաղթանակին մէջ (Տալաս Մավըրիքսի դէմ` 114-112 արդիւնքով) իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ Անթոնի Տէյվիս, որ նշանակեց 48 կէտ: Տենվըր Նակեթց, որ հիւրը եղաւ Ֆէոնիքս Սանզին, արձանագրեց...

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ 5-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Արսենալը` Մնալով Անպարտելի Միակ Խումբը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: Երթի ախոյեան հանդիսացած Լիվըրփուլ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը, երբ 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Արսենալը: Պրազիլցի Ֆիրմինօ Ա. կիսախաղին Լիվըրփուլ 4-1 արդիւնքով յառաջացաւ, երբ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ նշանակեց 2 կոլ (14-րդ եւ 16-րդ), մինչ երրորդ մը նշանակեց Սատիօ Մանէ (32-րդ): 11-րդ վայրկեանին...

«Քալչիօ». Ռոնալտոյի Տուպլէն Յաղթանակ Մը Ապահովեց Մրցանիշ Հաստատած Եուվենթուսին

Շաբաթ, 29 դեկտեմբերին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սամտորիան, շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը` իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (2-1): Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (2-րդ եւ 65-րդ` փենալթիով): Ֆապիօ Քուակլիարելլա նշանակեց հիւր կազմին կոլը (33-րդ` փենալթիով): Նշանակելով տարեշրջանի իր 14-րդ կոլը` Ռոնալտօ այժմ...

Page 751 of 1278 1 … 750 751 752 … 1,278

Արխիւներ