Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 4 յունուարին, տեղի ունեցաւ սպասուած գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի հիւրընկալեց Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ը:
Մրցումը կը նկատուէր բաւական կարեւոր, այն իմաստով, որ յաղթական խումբը պիտի հանդիսանար երթի ախոյեան:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ գագաթի այս ճակատումին սկսան 6 յաղթանակով եւ մէկ պարտութեամբ: Բայց ՀՄԸՄ, իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ, մրցումը սկսաւ իբրեւ յառաջատար:
Մրցումը սկսաւ բաւական սուր պայքարով` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը` առաջին դիրքը գրաւելու համար:
Առաջին քորթըրին, Ռիատի ունեցաւ մէկ կէտի առաւելութիւն մը (22-21), իսկ երկրորդին` երկու (22-20):
Առաջին կիսախաղին երկու կազմերն ալ նշանակեցին հինգական թրի-փոյնթ:
Այսպիսով, հիւրընկալ խումբը հանդերձարան ուղղուեցաւ երեք կէտի առաւելութեամբ մը (44-41):
Երրորդ քորթըրին, կէտերու տարբերութիւնը զգալիօրէն բարձրացաւ ի նպաստ Ռիատիի, որ նշանակեց 26 կէտ, փոխան` 15-ի:
Չորրորդ եւ վերջին քորթըրը Ռիատի սկսաւ քիչ մը մեծ գերակայութեամբ` 70-56 արդիւնքով:
Մինչ ՀՄԸՄ կէտեր կը նշանակէր, նոյնը կը կատարէր նաեւ Ռիատի, ինչ որ կացութենէն բան չփոխեց, եւ Ռիատի տարաւ վերջնական յաղթանակը` 90-77 արդիւնքով: Չորրորդ քորթըրին, ՀՄԸՄ նշանակեց 21 կէտ, իսկ Ռիատի` 20 կէտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռիատի ՀՄԸՄ-էն խլեց պարագլուխի դիրքը եւ բնականաբար հանդիսացաւ երթի ախոյեան` կրելով միայն մէկ պարտութիւն:
Մրցումին լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ, որ նշանակեց 27 կէտ: Անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա նշանակեց 20 կէտ, մինչ ՀՄԸՄ-ի երրորդ օտարականը` Քրիս Ճոնսըն` 6 կէտ:
Ռիատիէն Ամիր Սէուտ նշանակեց 22 կէտ, Ուաէլ Արաքժի` 17 կէտ մինչ Քրիս Օպեքփա տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (13 կէտ,13 ռիպաունտ):
 
			



