Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Վիարէալին, բաւարարուեցաւ 2-2 արդիւնքով:
Քարիմ Պենզեմա (7-րդ) եւ Ռաֆայէլ Վարան (20-րդ) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Բայց Սանթրի Քազորլա նշանակելով երկու կոլ (-րդ եւ 82-րդ) պատճառ դարձաւ, որ Ռէալ Մատրիտ կէտեր կորսնցնէ «Էսթատիօ տէ լա Սերամիքա», մարզադաշտին վրայ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Ռէալ Մատրիտ այժմ 30 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը` եօթը կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնայէն: Աթլեթիքօ Մատրիտ երկրորդ է (34 կէտ), իսկ Սեւիլլա` երրորդ (32 կէտ):
Երէկ արդէն իսկ սկսան 18-րդ հանգրուանի մրցումները` երկու հանդիպումներով:
Անոնք կը շարունակուին շաբաթավերջին:
Վաղը` կիրակի, 6 յունուարին, Ռէալ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը (15-րդ), Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:30-ին, իսկ Պարսելոնա դարձեալ վաղը, ժամը 21:45-ին, հիւրը կ՛ըլլայ Կեթաֆէին (7-րդ):
Վերոնշեալ մրցումներուն պիտի կանխէ ժամը 17:15-ին կատարուելիք գագաթի ճակատում մը` Սեւիլլայի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ:
 
			


