«Տը Սան» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան կրնայ հեռանալ Արսենալէն, եթէ Պարսելոնայի սպանացի միջնապահ Տենիս Սուարես տեղափոխուի լոնտոնեան ակումբ:
Նշուեցաւ, որ 25 տարեկան սպանացիին տեղափոխուելուն պատճառով, Մխիթարեան կրնայ վերջնականապէս իր դիրքը կորսնցնել իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Արսենալի մարզիչ Ունայ Էմետի, ակումբին ղեկավարութեան յայտնած է, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին պէտք է ամէն գնով իրականացնել Սուարեսի փոխանցումը: Անոնք երկուքը նախապէս միասին գործակցած են, երբ մաս կը կազմէին Սեւիլլայի:
Մխիթարեան, որ այժմ վիրաւոր է, իր փորձերուն պիտի վերսկսի փետրուարին: