Մարզական

Վոլիպոլ.  Պաշտօնական Բացում` Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանին

Վոլիպոլ. Պաշտօնական Բացում` Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2018-2019 Տարեշրջանին

Շաբաթ, 12 յունուարին, Համաթի (Պաթրուն) մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը: Անոր ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ժոզեֆ Իսհաք, Ֆատի Սաատ, Ռոժէ Ազար, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ: Ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա յոյս յայտնեց, որ նախորդ տարիներուն նման այս տարեշրջանը եւս կը պսակուի յաջողութեամբ եւ խումբերը...

Ճատրակ. Տիգրան Պետրոսեան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Երէկ` կիրակի, 13 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց 79-րդ ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Տիգրան Պետրոսեան, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, այժմ կը գտնուի պարագլուխի դիրքին վրայ` ապահովելով առաւելագոյն 2 կէտը: Անոր ետին կը գտնուին Զաւէն Անդրէասեան եւ Արման Փաշիկեան, որոնք ունին 1,5-ական կէտ: Այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Հայկ Մարտիրոսեան եւ Սամուէլ...

Դահուկարշաւ. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Դարձեալ Ոսկի Մետալներու Տիրացան Լիբանանի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան Արզի մէջ կը հիւրընկալէ փոքր երկիրներու դահուկարշաւի քրոս-քաունթրիի ախոյեանութիւնը: Հայկական լրատուամիջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները դարձեալ ոսկի մետալներու տիրացան, շնորհիւ Քաթիա Գալստեանի եւ Թադէոս Պօղոսեանի, յաջորդաբար` 5 եւ 10 քիլոմեթրի ազատ ոճի մրցումներուն: Անոնք երկուքը նախորդ շաբաթավերջին դարձեալ նոյն ազատ ոճի մրցումներուն տիրացած էին ոսկի մետալներու:  

Իտալական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Մրցանիշ Մը Հաստատեց Բաժակի Մրցաշարքին Գծով

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1 - 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Եուվենթուս 2 - 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Պոլոնիայի դաշտին վրայ, այս մրցաշարքին գծով մրցանիշ մը հաստատեց, յայտնեց «Ֆութպոլ-Իտալիա»: Այսպիսով, Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի գլխաւորած խումբը, յաջորդաբար 12-րդ անգամն ըլլալով հասաւ քառորդ աւարտականին: Քառորդ աւարտականին Եուվենթուս իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քալիարի-Աթալանթա մրցումին յաղթականը (այսօր):

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Առաջին` 5 Կէտի Առաւելութեամբ

Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա 5 կէտի առաւելութեամբ մը աւարտեց երթի մրցումները` 3 - 0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով Էյպարի դէմ (16-րդ): Լուիս Սուարեզ Մրցումին աստղը անկասկած եղաւ Լուիս Սուարեզը, որ 2 կոլ նշանակելէ բացի (19-րդ եւ 59-րդ), կատարեց երրորդ կոլին էսիսթը, որ նշանակուեցաւ Լիոնել Մեսսիի կողմէ (53-րդ): Աթլեթիքօ Մատրիտ,...

Փրեմիեր Լիկ. Լիվըրփուլ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 22-րդ  հանգրուանի ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Լիվըրփուլ 1 - 0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պրայթընի դաշտէն (13-րդ), ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Մանչեսթըր Սիթիի վրայ (2-րդ), որ այսօր, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը հիւրընկալէ Վուլվզը (11-րդ): Մոհամետ Սալահ Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի կոլը (50-րդ` փենալթիով): Իր կարգին, յաղթանակ...

Օզպիլիս` Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս երէկ կոլ մը նշանակեց հոլանտական իր ակումբին` Ուիլեմ Բ.ի հետ, որ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Պորուսիա Տորթմունտի Բ. խումբին դէմ: Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, գերմանական կազմը յաղթեց 3 - 2 արդիւնքով:

«Էն.Պի.Էյ.». Ճէյմս Հարտեն Կրկնեց Քոպի Պրայընթի Մրցանիշը

Հիուսթըն Ռոքեթցին մաս կազմող Ճէյմս Հարտեն, Քլիվլենտ Քաւալիրզի դէմ տեղի ունեցած «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ կրկնել, Քոպի Պրայընթի հաստատած մրցանիշը (1976-ին), որ 40 կէտ եւ աւելի նշանակելով թրիփըլ-տապըլ մը իրագործած էր: 29 տարեկան ամերիկացին, որ Քաւալիրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (141 - 113) նշանակեց 43 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ, նաեւ հանդիսացաւ ամէնէն արագ թրիփըլ-տապըլը իրագործողը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Յաղթեց Սաժեսին` 76-62 Արդիւնքով

Այսօր` Շանվիլ - Մութթահետ, Վաղը` Պէյրութ - Աթլաս Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ Հուփս, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ) հիւրընկալեց Սաժեսը, արձանագրեց 76-62 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ առաջին քորթըրին Սաժես կը յառաջանար 28-12 արդիւնքով: Մրցումը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական ձեւով: Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր յետմիջօրէի ժամը...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Տարին Կը Սկսի Ճիպրալթարի Մրցաշարքով

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 2019 տարին կը սկսի Ճիպրալթար - Մասթըրզի միջազգային մրցաշարքով (10 հանգրուան): 21-31 յունուարին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին տիրացողը պիտի ստանայ 25 հազար փաունտ: Նիւթական պարգեւներ պիտի ստանան նաեւ 1-15-րդ դիրքերը գրաւողները: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Հրանդ Մելքումեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան: Արոնեան այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն է: Ան նախորդ տարուան աւարտականին թայ-պրէյքով յաղթեց ֆրանսացի...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան – Սէուտական Արաբիա

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 17-րդ մրցաշարքի ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը այսօր կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ կը մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Մայրիներու կազմը մրցաշարքը սկսաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեամբ (Քաթարէն), մինչ Սէուտական Արաբիան, որ տիտղոսին տիրացած է երեք անգամ (1984, 1988 եւ 1996), 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը...

Արզի Մէջ. Դահուկարշաւի Մարզաձեւին Մէջ Հայաստանի 2 Ներկայացուցիչներ Տիրացան Ոսկի Մետալի

Հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, Արզի մէջ երէկ սկիզբ առաւ փոքր երկիրներու դահուկարշաւի Քրոս-Քաունթրիի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 47 երկսեռ մարզիկներ` հետեւեալ եօթը երկիրներէն. Սերպիա, Հունգարիա, Հայաստան, Արժանթին, Պոսնիա, Չիլի եւ Լիբանան: Այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի վաղը` կիրակի: Հայաստանի ներկայացուցիչները` Քաթիա Գալստեան եւ Թադէոս Պօղոսեան, երէկ յաջողեցան տիրանալ ոսկի մետալներու: Առաջինը` 5 քիլոմեթրին մէջ, մինչ երկրորդը` 10...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Վաղը` Ռէալ Պեթիս - Ռէալ Մատրիտ Հետաքրքրական Ճակատում Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կարգ մը մրցումներ կը խոստանան ըլլալ տաք եւ հետաքրքրական: Սպանիոյ մէջ, բաւական կարեւոր ճակատումի մը ընթացքին, վաղը Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Պեթիսի: Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ անպայման յաղթանակ մը արձանագրել, որովհետեւ արդէն իսկ տասը կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լամարքուս Օլտրիճ Նշանակեց 56 Կէտ. Ուեսթպրուք Եւ Ժոքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.». Լամարքուս Օլտրիճ Նշանակեց 56 Կէտ. Ուեսթպրուք Եւ Ժոքիչ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: ԼաՄարքուս Ալտրիճ Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, երկրորդ երկարաձգումէն ետք արձանագրեց իր յաղթանակը` 154-147 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն ԼաՄարքուս Օլտրիճ նշանակեց 56 կէտ, մինչ Օքլահոմայէն Փոլ Ճորճ` 30 կէտ: Իսկ Օքլահոմայէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ռասըլ Ուեսթպրուք (24 կէտ, 13 ռիպաունտ, 24 էսիսթ): Ռասըլ Ուեսթպրուք Ուեսթպրուք, որ այսպիսով...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան-Շլեմէն Ետք Էնտի Միւրէյ Շատ Հաւանաբար Լքէ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Անգլիացի թենիսմեն Էնտի Միւրէյ իր կատարած մէկ յայտարարութենէն ետք ըսաւ, թէ շատ հաւանական է, որ Աւստրալիոյ թենիսի Կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, ըլլայ իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջինը` նկատի ունենալով, որ ան մտադիր է հեռանալ թենիսէն: Վերոնշեալ մրցաշարքը կը սկսի 14 յունուարին: 31 տարեկան Միւրէյ ընդհանրապէս ինքզինք լաւ վիճակի մէջ չի զգար` իր ազդրին վնասուածքին պատճառով, որուն հետեւանքով ան նախորդ տարեշրջանին սկիզբը...

Հայկ Գալստեան Հեռացաւ Շթութկարթէն

Գերմանական մամուլը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան խզեց իր պայմանագրութիւնը գերմանական Շթութկարթի հետ: Ընթացիկ տարեշրջանին 20 տարեկան ֆութպոլիստը ոչ մէկ մրցում կատարեց Շթութկարթի երկրորդ խումբին հետ: Գալստեան, որ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը սկսաւ Միքա Երեւանի հետ, Գերմանիոյ մէջ մաս կազմած է նաեւ Պոխումի եւ Հոֆընհայմի:

Հայկական Ֆութպոլ. Լոռի Ներկայացուց Իր Նոր Մարզիչը

Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, Լոռի ֆութպոլի ակումբի հիմնադիր Թովմաս Գրիգորեան ներկայացուց խումբի նոր նշանակուած մարզիչ Արթուր Պետրոսեանը: Ժողովին մասնակցեցան ակումբին ղեկավարութիւնը, ֆութպոլիստները, ակադեմիային աշխատակիցները եւ մարզիչները: Յայտարարուեցաւ, որ Պետրոսեան, իր օգնականներուն հետ, պիտի մարզէ նաեւ ակադեմիային մանկապատանեկան խումբերը:  

Սմբատ Լպուտեան. «Կառավարութիւնը Դադրեցուց Արոնեանի Եւ Սարգսեանի Ճատրակի Դպրոցին Ֆինանսաւորումը»

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան երէկ Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ Հայաստանի ճատրակի տղոց 75-րդ եւ աղջկանց 74-րդ ախոյեանութիւններուն բացման արարողութենէն ետք յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը դադրեցուց Լեւոն Արոնեանի եւ Գաբրիէլ Սարգսեանի ճատրակի դպրոցներուն պետական ֆինանսաւորումը: Ան ըսաւ, թէ փափաքելի պիտի ըլլար, որ այդ աջակցութիւնը մնար: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 տղաք եւ 10 աղջիկներ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Հուփս – Սաժես

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանը կը սկսի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Հուփս - Սաժես մրցումը, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Մնացեալ երեք մրցումները կը շարունակուին շաբաթավերջին: Դարձի առաջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի կազմը մրցում չունի կատարելիք: Հուփս ակումբը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ այս մրցումին դժբախտաբար պիտի չկարենայ...

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոն – «Քրետիպանք» Դրամատան Համագործակցութիւն

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ 2019-ին իր հովանաւորը պիտի ըլլայ «Քրետիպանք» դրամատունը: Վերոնշեալ դրամատունը արդէն իսկ նախորդ սեպտեմբերին եղաւ ֆետերասիոնին հովանաւորը, երբ Լիբանան հիւրընկալեց «Պէյրութ-օփըն»-ի թեքուանտոյի միջազգային ախոյեանութիւնը: Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ շնորհակալութիւն յայտնեց դրամատան` նշելով միաժամանակ, որ լիբանանցի մարզիկները միշտ ալ պատրաստ են արդարացնելու իրենց վրայ դրուած յոյսերը թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ:  

Page 748 of 1278 1 … 747 748 749 … 1,278

Արխիւներ