Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Լիվըրփուլ 1 – 0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պրայթընի դաշտէն (13-րդ), ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Մանչեսթըր Սիթիի վրայ (2-րդ), որ այսօր, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը հիւրընկալէ Վուլվզը (11-րդ):

Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի կոլը (50-րդ` փենալթիով):
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1 – 0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Թոթենհամի (3-րդ) դաշտէն: Փոլ Փոկպայի կատարած էսիսթէն ետք, Մարքուս Ռեշֆորտ նշանակեց Եունայթըտի կոլը (44-րդ):
Նշենք, որ ակումբի մարզիչ Օլէ-Կիւնար Սոլսքիար Մանչեսթըրի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց իր կատարած 6-րդ մրցումին` արձանագրելով վեց յաղթանակ:
Յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով, Արսենալ իր դաշտէն դուրս կատարած մրցումին ընթացքին պարտութիւն մը կրեց այս անգամ Ուեսթ Համէն:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Չելսի` Նիւքասըլի դէմ (2 – 1):