Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1 – 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Եուվենթուս 2 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Պոլոնիայի դաշտին վրայ, այս մրցաշարքին գծով մրցանիշ մը հաստատեց, յայտնեց «Ֆութպոլ-Իտալիա»:
Այսպիսով, Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի գլխաւորած խումբը, յաջորդաբար 12-րդ անգամն ըլլալով հասաւ քառորդ աւարտականին:
Քառորդ աւարտականին Եուվենթուս իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քալիարի-Աթալանթա մրցումին յաղթականը (այսօր):