Շաբաթ, 12 յունուարին, Համաթի (Պաթրուն) մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ժոզեֆ Իսհաք, Ֆատի Սաատ, Ռոժէ Ազար, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիա յոյս յայտնեց, որ նախորդ տարիներուն նման այս տարեշրջանը եւս կը պսակուի յաջողութեամբ եւ խումբերը կու տան իրենց առաւելագոյնը:
Ապա ան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց «Ալֆա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարուան Հայեքին (ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորողը):
Նախքան անոնց կողմէ Սփիտ պոլ Շեքքա (գործող ախոյեան) – Քանաթ բացման մրցումին ազդանշանին տրուիլը, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` Մոն լա Սալի պարողներ խումբին կողմէ: Մրցումին յաղթականը եղաւ Սփիտ Պոլ Շեքքա (3 – 0):
PROFOTO