Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 17-րդ մրցաշարքի ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը այսօր կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ կը մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Մայրիներու կազմը մրցաշարքը սկսաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեամբ (Քաթարէն), մինչ Սէուտական Արաբիան, որ տիտղոսին տիրացած է երեք անգամ (1984, 1988 եւ 1996), 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Հիւսիսային Քորէայի դէմ:
Լիբանան երէկ իր փորձերը ամբողջացուց` կազմ եւ պատրաստ ըլլալով իր երկրորդ մրցումին:
 
			


