Հիուսթըն Ռոքեթցին մաս կազմող Ճէյմս Հարտեն, Քլիվլենտ Քաւալիրզի դէմ տեղի ունեցած «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ կրկնել, Քոպի Պրայընթի հաստատած մրցանիշը (1976-ին), որ 40 կէտ եւ աւելի նշանակելով թրիփըլ-տապըլ մը իրագործած էր:
29 տարեկան ամերիկացին, որ Քաւալիրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (141 – 113) նշանակեց 43 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ, նաեւ հանդիսացաւ ամէնէն արագ թրիփըլ-տապըլը իրագործողը (29 վայրկեան, 34 երկվայրկեան)` «Էն.Պի.Էյ.»-ի պատմութեան մէջ: