Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 2019 տարին կը սկսի Ճիպրալթար – Մասթըրզի միջազգային մրցաշարքով (10 հանգրուան):
21-31 յունուարին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին տիրացողը պիտի ստանայ 25 հազար փաունտ:
Նիւթական պարգեւներ պիտի ստանան նաեւ 1-15-րդ դիրքերը գրաւողները:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Հրանդ Մելքումեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Արոնեան այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն է: Ան նախորդ տարուան աւարտականին թայ-պրէյքով յաղթեց ֆրանսացի կրանտմասթըր Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին:
 
			


