Երէկ` կիրակի, 13 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց 79-րդ ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Տիգրան Պետրոսեան, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, այժմ կը գտնուի պարագլուխի դիրքին վրայ` ապահովելով առաւելագոյն 2 կէտը: Անոր ետին կը գտնուին Զաւէն Անդրէասեան եւ Արման Փաշիկեան, որոնք ունին 1,5-ական կէտ:
Այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Հայկ Մարտիրոսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան:
Այսօր տեղի կ՛ունենան 3-րդ հանգրուանի հանդիպումները: