«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ:

Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, երկրորդ երկարաձգումէն ետք արձանագրեց իր յաղթանակը` 154-147 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն ԼաՄարքուս Օլտրիճ նշանակեց 56 կէտ, մինչ Օքլահոմայէն Փոլ Ճորճ` 30 կէտ:
Իսկ Օքլահոմայէն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Ռասըլ Ուեսթպրուք (24 կէտ, 13 ռիպաունտ, 24 էսիսթ):

Ուեսթպրուք, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին 117-րդ թրիփըլ-տապըլը իրագործեց, հաւասարեցաւ Այզեյա Թոմասի եւ Ռեճոն Ռոնտոյի, որոնք թրիփըլ-տապըլ կ՛իրագործեն 24 էսիսթով:
Նիքոլա Ժոքիչ (Տենվըր Նակեթց) իրագործեց իր հերթական թրիփըլ-տապըլը (18 կէտ, 14 ռիպաունտ, 10 էսիսթ)` Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (121-100): Անոր խմբակից Ժամալ Միւրէյ նշանակեց 23 կէտ:
Մայեմի Հիթ յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսին (115-99), իսկ Սաքրամենթօ Քինկզ` Տիթրոյիթ Փիսթընզին (112-102):


