Այսօր` Շանվիլ – Մութթահետ, Վաղը` Պէյրութ – Աթլաս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ Հուփս, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ) հիւրընկալեց Սաժեսը, արձանագրեց 76-62 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ առաջին քորթըրին Սաժես կը յառաջանար 28-12 արդիւնքով:
Մրցումը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական ձեւով:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Մութթահետը, իսկ վաղը երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Շիահի մէջ Պէյրութ` Աթլասը:
 
			

