Անգլիացի թենիսմեն Էնտի Միւրէյ իր կատարած մէկ յայտարարութենէն ետք ըսաւ, թէ շատ հաւանական է, որ Աւստրալիոյ թենիսի Կրան-շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, ըլլայ իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջինը` նկատի ունենալով, որ ան մտադիր է հեռանալ թենիսէն:
Վերոնշեալ մրցաշարքը կը սկսի 14 յունուարին:
31 տարեկան Միւրէյ ընդհանրապէս ինքզինք լաւ վիճակի մէջ չի զգար` իր ազդրին վնասուածքին պատճառով, որուն հետեւանքով ան նախորդ տարեշրջանին սկիզբը ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
2018-ին ան կատարեց 12 մրցում միայն` արձանագրելով 8 յաղթանակ:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան չկրցաւ զսպել իր արցունքները:
Անդրադառնալով այս լուրին` Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով ըսաւ, թէ անոր հեռացումը մեծ կորուստ մը պիտի ըլլայ թենիսի աշխարհին:



